ԵՆԹԱԳԵՏՆԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄ

Եւրոմիութիւնը կը ձգտի Չինաստանի հետ մշակել փոխադարձ շահերու հիման վրայ արդար յարաբերութիւն մը։ Կողմերու համատեղ օրակարգին վերաբերեալ խնդիրները երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկուեցան Եւրոմիութիւն-Չինաստան առցանց տեսաժողովին ժամանակ։ Հեռավար այս գագաթաժողովին մասնակցեցան ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյէն, ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրի Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ եւ Չինաստանի նախագահ Ցի Ցինփին։ Գագաթաժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան՝ կլիմայի փոփոխութիւնները, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները, միջազգային յարաբերութիւնները, մարդու իրաւունքներն ու քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը։ Շարլ Միշել յայտնեց, որ ԵՄ կը ձգտի Չինաստանի հետ հաւասարակշռուած ձեւով յառաջ տանիլ յարաբերութիւնները ու պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքները՝ համագործակցութեան բնագաւառները ճշդելու համար։ Իր խօսքով՝ Եւրոպա խաղադաշտ մը չէ, այլեւ՝ Եւրոպա պէտք է ըլլայ խաղացող մը։ «Չինաստանի հետ փոխադարձ, պատասխանատու եւ արդար յարաբերութիւն մը մշակել կը փափաքինք», ըսաւ Միշել եւ աւելցուց, որ առեւտրական յարաբերութիւնն ալ պէտք է ըլլայ աւելի արդար եւ հաւասարակշռուած։ Ըստ Միշելի, ճիշդ ուղղութեամբ առնուած քայլ մըն է ԵՄ-ի եւ Չինաստանի միջեւ՝ աշխարհագրական նշաններու վերաբերեալ համաձայնութիւնը։

Շարլ Միշել դիտել տուաւ, որ Հոնկ Քոնկի ազգային անվտանգութիւնը կը շարունակէ մտահոգութիւն պատճառել ԵՄ-ին եւ անոր անդամ երկիրներուն։ Հոնկ Քոնկի ժողովրդավարական ձայները պէտք է լսելի դառնան։ Եւրոպական կողմը Չինաստանի նկատառման յանձնած է իր մտահոգութիւնները՝ Սինճան-Ույկուրի ինքնավար շրջանի եւ Թիպէթի փոքրամասնութիւններուն, իրաւապաշտպաններու եւ լրագրողներու նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին կապակցութեամբ։ Ըստ միջազգային աղբիւրներու, Չինաստանի նախագահը իր երկխօսները հրաւիրած է չմիջամտել երկրի ներքին գործերուն։

Շարլ Միշել երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծեց, որ կողմնակից են Չինաստանի հետ հաստատել՝ փոխադարձ շահերու հիման վրայ արդար յարաբերութիւն մը։ «Միամիտ չենք։ Կը գիտակցինք, թէ Չինաստանի տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային մոտելը շատ տարբեր է ԵՄ-ի բաղդատմամբ», ըսաւ Շարլ Միշել։

Իր կարգին, Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյէնն ալ երէկուան քննարկումները որակեց բաց, անկեղծ, շինիչ ու խտացեալ։ Այսպէս, օրակարգի վրայ եկած են մարդու իրաւունքները, կլիմայի փոփոխութիւնները, թուայնացումը եւ առեւտրական նիւթերը։ «Ներդրումի համաձայնութեան մէջ, հանրային ձեռնարկութիւններու ընթացքին, փորձագիտութիւններու պարտադրանքով փոխանցման եւ հանրային խրախոյսներու պարագային թափանցիկութեան նման երեք հիմնական նիւթի շուրջ համաձայնութեան հասանք։ Այս բոլորը կարեւոր են, սակայն տակաւին շուկայի հասանելիութեան եւ տեւական զարգացման նման կամ այլ բնագաւառներու վերաբերեալ բազմաթիւ նիւթերու շուրջ պէտք է համաձայնութեան գանք», ըսաւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահը եւ աւելցուց, որ ներդրումի համաձայնութեան շուրջ բանակցութիւններու տեւականացման համար Չինաստան պէտք է համոզէ ԵՄ-ն։ Ֆոն տեր Լէյէն շեշտեց, որ Եւրոպայի շուկաները բաց են չինական ընկերութիւններուն համար եւ փոխադարձաբար՝ Չինաստանի շուկաներն ալ պէտք է հասանելի ըլլան Եւրոպայի ընկերութիւններուն համար։

Առցանց գագաթաժողովի ընթացքին Անկելա Մերքէլն ալ յայտնած է, որ Չինաստան-ԵՄ ներդրումային համաձայնութեան իրականացման ուղղութեամբ աշխատիլ կը շարունակեն։ «Չինաստանի հետ համագործակցութիւնը պէտք է խարսխուած ըլլայ՝ փոխադարձութեան եւ արդար մրցակցութեան նման յստակ սկզբունքներու հիման վրայ», ըսաւ Մերքէլ։ Բաց աստի, ան աւելցուց, որ Չինաստան տնտեսական տեսակէտէ անցեալի բաղդատմամբ շատ աւելի հզօր է։ Մերքէլն ալ մատնանշեց Հոնկ Քոնկի եւ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ խնդիրները, որոնք արծարծը-ւած են տեսաժողովի ժամանակ։ «Չինաստանի հետ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի մարդու իրաւանց նիւթին շուրջ», ըսաւ Մերքէլ։

Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյէն երէկուան գագաթաժողովը ամփոփելու ժամանակ անդրադարձաւ նաեւ քորոնաժահրի համաճարակին ու շեշտեց անոր սկզբնակէտի իմաստին կարեւորութիւնը։ Ան համոզուած է, որ պէտք է խրախուսել Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համաճարակի վերաբերեալ հետազօտութիւնները։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020