ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ իր տարեկան արձակուրդին բերումով կը գտնուի արտասահման, երէկ, Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լորտ Արա Տարզիի հետ։ Հարկ է նշել, որ ներկայ ամսուայ սկիզբին Արա Տարզի ստանձնած է Բրիտանական Գիտութեան ընկերակցութեան նախագահի պաշտօնը։ Ան Լոնտոնի Արքայական քոլէճի Կլոպալ առողջութեան նորարարութեան կաճառի տնօրէնն է։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ փրոֆ. Արա Տարզի երէկուան հանդիպման ընթացքին անդրադարձան մասնաւորապէս նախագահական ATOM ծրագրի շրջանակներէն ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն՝ մանաւանդ, որ Լորտ Տարզի արդէն կը գտնուի Բրիտանական Գիտութեան ընկերակցութեան գլուխը։ Այս ամբողջին մէջ քննարկուեցաւ ATOM-ի շրջանակէն ներս «Արհեստական բանականութիւն եւ հանրային առողջութիւն» կոչուած ծրագիրը իրականացնելու հնարաւորութիւնը։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան հրաւիրեց Լորտ Արա Տարզին՝ որպէս բանախօս հանդէս գալու յառաջիկայ ամիս Հայաստանի մէջ նախատեսուած Մտքերու հայկական երկրորդ գագաթաժողովին ժամանակ։

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան արձակուրդի օրերուն այցելեց նաեւ աշխարհահռչակ Քէյմպրիճ համալսարանի գիտական կեդրոնը։ Զանազան ոլորտներու ներկայացուցիչներուն հետ գործնական հանդիպումներու ծիրէն ներս Արմէն Սարգսեան զրուցեց այս գիտական կեդրոնի ղեկավարութեան հետ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայկական կրթական ու գիտահետազօտական կեդրոններու հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն՝ հաշուի առնելով Քէյմպրիճի համալսարանի համաշխարհային աւանդութիւնները գիտութեան ու կրթութեան ասպարէզէն ներս եւ հայ գիտնականներու ձեռքբերումներն ու նուաճումները գիտութեան ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ կրթութեան աճող դերն ու նշանակութիւնը արդի աշխարհի մէջ։ Քննարկումներու լոյսին տակ սկզբնական համաձայնութիւն գոյացաւ՝ համաձայնագիր մը ստորագրելու համար արհեստական բանականութեան եւ արդի փորձագիտութիւններու շուրջ, ներառեալ պիօփորձագիտութեան բնագաւառը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020