ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չավուշօղլու եւ Փոմփէօ զրոյցի ընթացքին անդրադարձան արեւելեան Միջերկրականի եւ Կիպրոսի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Պաշտօնական աղբիւրները այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած այս զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։

Հարկ է նշել, որ Մայք Փոմփէօ շաբաթավերջին այցելած էր Յունական Կիպրոս, ուր յայտարարած էր, որ ամերիկեան կողմը կ՚անհանգստանայ արեւելեան Միջերկրականէ ներս Թուրքիոյ կողմէ ծաւալուած գործունէութեան պատճառով։ Բաց աստի, երէկ յայտարարուեցաւ, որ Յունաստան եւ ԱՄՆ համատեղ զօրավարժութիւններ պիտի իրականացնեն յառաջիկայ օրերուն։ Այդ ռազմափորձերը նախատեսուած են Թուրքիոյ սահմանամերձ՝ արեւմտեան Թրակիոյ մէջ հրասայլերու մասնակցութեամբ։ Ուրեմն, Չավուշօղլու-Փոմփէօ հեռախօսազրոյցն ալ տեղի ունեցաւ այս հանգամանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ։

Արեւելեան Միջերկրականի առկայ տագնապի յաղթահարման տեսակէտէ բախտորոշ նշանակութիւն ունի յառաջիկայ շուրջ մէկ շաբթուան ժամանակաշրջանը։ Արդարեւ, 24-25 հոկտեմբերին նախատեսուած է Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու գագաթաժողովը։ Շահագրգիռ բոլոր կողմերը դիւանագիտական գետնի վրայ այժմ կը խտացնեն իրենց ջանքերը՝ մինչ գագաթաժողովը նպաստաւոր դիրքեր ապահովելու առաջադրութեամբ։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ յայտարարեց, որ Յունաստան պէտք է հրաժարի՝ ծովային սահմանումներու վերաբերեալ Սեւիլլայի քարտէսէն եւ պէտք է յարգէ Թուրքիոյ ծովային սահմանները, այլապէս անկարելի է առկայ լարուածութեան վերջ գտնելը։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ երէկ ընկերային ցանցերու միջոցաւ կոչ ուղղեց, որպէսզի դիւանագիտութեան տրուած հնարաւորութիւնները չմսխուին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020