ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանը, որ միեւնոյն ժամանակ երկրի Ազգային հերոսի կոչման արժանացած է։

Ողջունելով Էտուարտօ Էրնէքեանը՝ Նիկոլ Փաշինեան ուրախութիւն յայտնեց զինքը հերթական անգամ Հայաստանի մէջ տեսնելով։ Ան նշեց, որ ընթացքին իրենք ունեցած են հեռախօսազրոյցներ՝ քննարկելով Էտուարտօ Էրնէքեանի հաւանական ներդրումային նոր ծրագրերը Հայաստանէ ներս։ Փաշինեան ուրախութիւն յայտնեց, որ Էտուարտօ Էրնէքեան հակառակ համաճարակի պայմաններուն եւ անոր հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, նոյն ոգեւորութեամբ կը վերաբերի Հայաստանէ ներս ներդրումային ծրագրեր իրականացնելու հնարաւորութիւններուն։ «Ձեր կողմէ ձեռնարկուած նախկին ծրագրերը յաջողութեամբ պսակուած են։ Սա ուրախալի է մեզի համար», ըսաւ վարչապետը եւ յոյս յայտնեց, թէ այս համագործակցութիւնը աւելի տեսանելի արդիւնքներ պիտի բերէ Հայաստանի համար։

Իր կարգին, Էտուարտօ Էրնէքեան նշեց, որ հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ Հայաստանի մէջ զանազան ոլորտներէ ներս ներդրումային ծրագրեր կատարել ու կարեւորեց կառավարութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Էտուարտօ Էրնէքեան քննարկեցին Հայաստանի մէջ «Արմէնիա» միջազգային օդակայաններու ընկերութեան կողմէ ձեռնարկուած ծրագրերը։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ՝ յիշեալ ընկերութեան կառավարման յանձնուած Երեւանի «Զուարթնոց» եւ Կիւմրիի «Շիրակ» օդակայաններու զարգացման, ենթակառուցուածքներու բարելաւման, վերանորոգման եւ ապագայ օգտագործման վերաբերեալ հարցերու։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Էրնէքեանին պատկանող ընկերութիւններու կողմէ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած կամ նախատեսուած այլ գործարար ծրագրերու շուրջ։

Փաշինեան եւ Էրնէքեան գոհունակութիւն յայտնեցին համագործակցութեան ընթացքին շուրջ եւ ընդգծեցին իրենց փոխադարձ պատրաստակամութիւնը՝ զայն աւելի զարգացնելու ուղղութեամբ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020