ՊԱՂՏԱՏԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՊԱՅԹՈՒՄ

Իրաքի մայրաքաղաքը՝ Պաղտատի մէջ գիշերուան ժամերուն տեղի ունեցաւ պայթում մը։ Այսպէս, հրթիռակոծուեցաւ «Կանաչ գօտի»ն, ուր կը գտնուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, կարգ մը օտարերկրեայ ներկայացուցչութիւններ եւ կառավարական շէնքեր։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, յարձակումը իրականացուած է «քայթուշքա» հրթիռներով։ Հրթիռակոծման ձայնը լսուած է Պաղտատի բազում շրջաններէն։ Դէպքէն վերջ ամերիկեան դեսպանատունէն ահազանգի ձայներ հնչել սկսած են։ Տակաւին յայտնի չէ, թէ պայթումին հետեւանքով զոհեր եղա՞ծ են կամ ոչ։

Հարկ է նշել, որ նախապէս ալ քանիցս նման յարձակումներ կատարուած էր ԱՄՆ-ի Պաղտատի դեսպանատան վրայ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020