ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առթիւ շաբաթավերջին աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան մեր զանազան եկեղեցիներուն մէջ։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդիսապետեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։

Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան մեր զանազան թաղերէ հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը սաներ՝ գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի եւ քանի մը ուսուցիչներու։

Օրուան քարոզին մէջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան խօսեցաւ Սրբոց Թարգմանիչ վարդապետներու մասին եւ բացատրեց անոնց մեր պատմութեան մէջ թողած անջնջելի հետքը։ «Կեանքը մեզի ցոյց կու տայ քանի մը ճանապարհ ու մեզի կը վիճակի ընտրել ճիշդը։ Մեր նախնիք քրիստոնէութիւնը ընդունելէ վերջ նկատեցին, որ Տիրոջ խօսքը մեր ժողովուրդին կը փոխանցուէր այլ լեզուներով։ Եթէ այդպէս շարունակուէր, այդ ժամանակ դիւրին ճանապարհը ընտրուած պիտի ըլլար։ Սակայն բոլորը նկատեցին, որ անկարելի էր այդ ձեւով շարունակել։ Իսկ Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ ընտրեցին դժուար ճանապարհը։ Անոնք համամիտ էին, որ քրիստոնէութեան իւրացման համար պէտք էր սեփական այբուբեն մը ունենալ եւ այս մղումով գործի ձեռնարկեցին, թարգմանեցին Աստուածաշունչը։ Մենք ալ այդ այբուբենին շնորհիւ լիարժէք ազգ մը դարձանք։ Անոնք հայ գիրերու գիւտով բնորոշեցին հայ ժողովուրդի ընկերային ծիները։ Հետեւաբար, Թարգմանչաց տօնը ձեւով մը մեր ժողովուրդի փրկութիւնն է», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Քարոզի տեւողութեան նորին սրբազնութիւնը կանգ առաւ աւելի այժմէական նիւթերու վրայ։ Ան բացատրեց, որ մեր համայնքէն ներս այսօր խնդիրներու ծանրաբեռնուած օրակարգ մը գոյութիւն ունի, սակայն խորքին մէջ, մեր առջեւ երկու ճանապարհ կայ. դիւրինը եւ դժուարը։ Եթէ մենք ընտրենք դիւրին ճանապարհը, ապա տարիներով չենք կրնար հասնիլ լուծման։ «Հայախօսութեան հարցը մեր օրերու մեծագոյն մարտահրաւէրն է։ Դիւրին ճամբան այն է, որ հայերէնով խօսիլ կը սկսիս եւ աւելի վերջ կը շարունակես բոլորի տեսակէտէ հասկնալի լեզուով։ Հայերէն թերթը առանց կարդալու միայն վերնագիրներուն աչք մը կը նետես։ Բարեւ կամ բարիլոյս ըսելով խօսելու կը սկսիս եւ հարցնողներուն ալ կ՚ըսես, թէ հայերէն գիտես։ Սա հայերէն խօսիլ ձեւացնելու դիւրին ճանապարհն է։ Եթէ դիւրին ճանապարհը նախընտրես, ապա միջոց մը վերջ գիտցածդ ալ կը մոռնաս։ Իսկ դժուար եւ ապահով ճանապարհը այն է, որ ամէն օր նոր բառ մը կը սորվիս եւ աստիճանաբար կը զարգացնես խօսակցութիւնդ», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Քարոզիչ սրբազան հայրը բացատրեց, որ հայախօսութենէ զատ մեր համայնքը ունի նաեւ այլ հաւաքական խնդիրներ, որոնց լուծումը կախում ունի ընդհանրական մօտեցումներէ։ Իւրաքանչիւրը պէտք չէ մտածէ իր դիրքին մասին, որովհետեւ այդ մէկը դիւրին մտածելակերպ մըն է, օգուտ մը չի բերեր, պատճառ կը դառնայ մեր վարժարաններու, մեր եկեղեցիներու յետադիմութեան։ Անցեալի մէջ Թարգմանչաց շարժումը յաջողութեան հասաւ՝ գիրերու գիւտով, գրաւորին անցնելով։ Այդ նպատակով այդ շրջանի թագաւորը եւ եկեղեցին ձեռք ձեռքի տալով փորձեցին դժուար ճանապարհով ընթանալ։ «Մենք ալ այսօր նոյնը պէտք է փորձենք։ Մեր նախնիք ժամանակին մտածեր են ամէն ինչ։ Ունինք եկեղեցիներ, դպրոցներ, կալուածներ, որոնց հասոյթը բաւարար կրնայ ըլլալ մեր բոլոր հաստատութիւններու գոյատեւման։ Մենք այսօր նոյնիսկ ի վիճակի չենք մեզի թողուած ժառանգութիւնը քով քովի գալով օգտագործելու։ Նոր ծրագիրներ չենք մշակեր։ Մենք բոլոր մշակոյթներու միջավայրին մէջ կը գոյատեւենք, կը յարմարինք, համակեցութիւն կ՚ունենանք։ Սա թէեւ լաւ բան մըն է, սակայն եթէ արթուն չըլլանք, ապա մեր ազգութիւնը կը կորսնցնենք։ Մենք ունինք լեզու մը, մշակոյթ մը, պատմութիւն մը։ Այս հարուստ անցեալը, այս ամբողջ հա-րըստութիւնը պէտք է անպայման պահենք։ Մեր մշակոյթը, իրականութեան մէջ, մեր ամէն ինչն է։ Մեր շնչառութեան դաշտն է։ Անպայման պէտք է կանգ առնենք հայախօսութեան վրայ։ Մենք մեր մշակոյթը պէտք է յառաջ տանինք մայրենի լեզուի վրայով, որովհետեւ այլ լեզուներով չենք կրնար ապրեցնել մեր մշակոյթը։ Հաճոյք պէտք է ստանանք հայերէնէն։ Ես կոչ կ՚ուղղեմ մեր ուսուցիչներուն՝ որպէսզի անոնք ապահովեն մեր աշակերտներու հայերէնէն հաճոյք առնելը։ Մարդիկ միշտ կը ձգտին հաճելիին, ուստի համապատասխան ձեւով պէտք է փոխենք մեր մեթոտները», նշեց քարոզին մէջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Ս. Պատարագէն վերջ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքի շիրմին վրայ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններու աւարտին, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Նկատի ունենալով, որ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի անուան տօնն էր՝ խնամակալութիւնը իրեն համար պատրաստած էր կարկանդակ մը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այդ մէկը հատեց ծափահարութիւններու եւ բարեմաղթանքներու մթնոլորտին մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018