ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՐԷԿ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմական գործողութիւնները կը շարունակուին ամբողջ սաստկութեամբ։ Գրեթէ երեք շաբաթէ ի վեր լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները կ՚ընթանան ծանր հետեւանքներով։ Այս իրավիճակին մէջ, երէկ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը արտահերթ ժողով մը գումարեց Երեւանի մէջ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Կառավարութեան շէնքէն ներս տեղի ունեցաւ արտահերթ ժողովը, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Եդուարդ Աղաճանեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի դիմագրաւման ուղղեալ գործողութիւններն ու ապագային առնուելիք քայլերը։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդէս եկաւ նաեւ ժողովուրդին ուղղեալ տեսաուղերձով մը։ Այս առթիւ ան յատկապէս անդրադարձաւ պատերազմի պատճառներուն եւ ըսաւ. «Այս պատերազմի էութիւնը հետեւեալն էր։ Անյապաղ Ատրպէյճանին յանձնել եօթ շրջաններէն հինգը, ներկայացնել մնացեալ երկու շրջանները յանձնելու յստակ ժամանակացոյց եւ արձանագրել, որ Լեռնային Ղարաբաղի որեւէ կարգավիճակ՝ պէտք է ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Ընդ որում, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի ճշգրտումը որեւէ պատճառահետեւանքային կապի մէջ պիտի չըլլար տարածքներու յանձնման գործընթացին հետ։ Այսինքն, տարածքներ պիտի յանձնուէին ո՛չ թէ կարգավիճակի, այլեւ՝ խաղաղութեան դիմաց, հակառակ պարագային Ատրպէյճան կը սպառնար պատերազմով լուծել հարցը»։ Փաշինեան յայտնեց, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը այս տարբերակի քննարկումէն հրաժարած է՝ պնդելով առանց Արցախի կարգավիճակի յստակեցման հիմնախնդրի կարգաւորման հնարաւոր չըլլալուն վրայ։ «Սա ալ Ատրպէյճանը անընդունելի համարեց՝ հարցը տեղափոխելով ռազմական տիրոյթ՝ զարգացնելով Արցախը հայաթափելու, զինուելու, ռազմական հռետորաբանութիւնը», աւելցուց վարչապետը։

Ելոյթին մէջ Փաշինեան նշեց, որ հայկական բանակի մղած պայքարին շնորհիւ Ատրպէյճան ձախողած է Արցախը յանկարծակի, արագօրէն գրաւելու ծրագիրը։ «Բայց հայկական զօրքերը հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով որոշակի նահանջած են, ահռելի զոհեր կան։ Այս պահուն մեր զոհերուն թիւը շատ մեծ է», ըսաւ Փաշինեան։ Ստեղծուած կացութեան հրատապ բնոյթին շուրջ ահազանգ հնչեցնելէ վերջ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Մենք մեր սուգը պէտք է վերածենք ցասումի, մեր մտավախութիւնները՝ վճռակամութեան, մեր կասկածները՝ գործողութեան։ Մենք պիտի կանգնինք մինչեւ վերջ, պիտի պայքարինք մինչեւ վերջ եւ այդ վերջի անունն է ազատ եւ երջանիկ Արցախ, ազատ եւ երջանիկ Հայաստան»։ Ըստ իրեն, հայ ժողովուրդը այս իրավիճակին մէջ ունի ընելիք միակ բան՝ կասեցնել Ատրպէյճանը եւ հասնիլ անշրջելի յաղթանակի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի վերջնական լուծման, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ օրուայ ընթացքին տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի կողմէ կը թիրախաւորուի երկրի տարածքը։ Խստօրէն դատապարտուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ զինեալ բռնութեան փորձը եւ զգուշացուեցաւ, որ սադրիչ գործողութիւնները կրնան ունենալ անդառնալի ռազմաքաղաքական հետեւանքներ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ երեկոյեան Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ սարքած հերթական մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտնեց, որ Ատրպէյճան նոր մարտավարութիւն մը որդեգրած է եւ սկսած՝ մեծ խտութեամբ հետեւակներ յառաջ քշել։ Երէկ օրուան ընթացքին մարտերը շարունակուեցան։ Երեկոյեան ժամերուն գործողութիւններու թափը քիչ մը նուազած էր։ Արծրուն Յովհաննիսեան խօսեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի տարածքէն ներս գտնուող երկու հայ գերիներու մասին։ Իսկ այս առաւօտ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ գիշերուայ ընթացքին հակամարտութեան գօտիէն ներս պահպանուած է յարաբերաբար կայուն լարուած վիճակը։ Իսկ այս առաւօտ Ատրպէյճանի զօրքերը ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններով դարձեալ յարձակման անցած են՝ հրետանիի կիրառումով։ Օրուայ առաջին կէսին Արծրուն Յովհաննիսեանն ալ յայտնեց, որ թէժ մարտեր կը մղուին յատկապէս ճակատի հիւսիսային եւ հարաւ-արեւելեան ուղղութիւններուն վրայ։

Միւս կողմէ, նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր զրուցեց խումբ մը եւրոպացի լրագրողներու հետ։ Հարցազրոյցի ընթացքին Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ Արցախի փոքրաթիւ ժողովուրդը կը պայքարի տարածքաշրջանի, նաեւ Եւրոպայի անվտանգութեան համար։ Նախագահ Սարգսեան գերմանական «Պիլտ» պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ ալ նշած է, որ Ստեփանակերտ ներկայիս կը նմանի Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի շրջանի Գերմանիոյ քաղաքներուն։

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ՄԸ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ

Արցախի թէժ մարտերը միշտ կը զուգորդուին մարդասիրական տեսակէտէ ողբերգական իրադարձութիւններով։ Ճակատէն հասած լուրերուն մէջ երէկ առանձնապէս ուշադրութեան արժանացան այն հաղորդումները, ըստ որոնց Ատրպէյճանի զօրքերը թիրախաւորեցին հիւանդանոց մը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները յայտնեցին, որ ճակատի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեան վրայ կը գտնուէր այդ հիւանդանոցը։ Հաղորդումներուն մէջ ընդգծուեցաւ, որ այդ հիւանդանոցին մէջ կը բուժուէին նաեւ քաղաքացիական անձեր։

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ սա միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ սովորութային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու կոպտագոյն խախտումն է։ Արդարեւ, ըստ այդ բոլորին՝ արգիլուած է թիրախաւորումը հիւանդանոցներու եւ այն վայրերու, ուր կը պահուին վիրաւորները։ Յայտարարութեան մէջ դէպքը որակուած է բացայայտ ռազմական յանցագործութիւն։  

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ հիւանդանոցի դիտաւորեալ ռմբակոծումը։

Ի լրումն այս բոլորին, Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գծով յանձնակատար Զարեհ Սինանեան երէկ երեկոյեան Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, հայաշխարհէ ներս Արցախի համար ձեռնարկուած հանգանակութեան արդիւնքով ցարդ ապահովուած նուիրատուութիւնները հասած են 120 մի-լիոն ամերիկեան տոլարի սահմանին։ Սինանեան յայտնեց, որ Թուրքիա փակած է իր օդային տարածքը այն օդանաւներուն համար, որոնք մարդասիրական օժանդակութիւն կը փոխադրեն դէպի Հայաստան։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ԵՐԷԿ ՏԵՂԵԿԱՑՈՒՑ ԴԱՇՏԻ ՎՐԱՅ ՈՐՈՇ ՆԱՀԱՆՋ ՄԸ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ հանդէս եկան ելոյթներով։ Հայ ժողովուրդին ուղղեալ կոչեր էին անոնք՝ տեսաուղերձի ձեւաչափով։ Այս առթիւ Արայիկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը խոցուած են ռազմաճակատի որոշ շրջաններու խորքերը։ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ելոյթին մէջ նշեց, որ հայկական զօրքերը ռազմաճակատի որոշ շրջաններուն մէջ նահանջ ունեցած են։

Գերմանական «Deutsche Welle»ն ելոյթներու այս բաժիններուն նկատմամբ մասնաւոր ուշադրութիւն ցուցաբերած է։ Աղբիւրը կը նշէ, որ այս բոլորը Հայաստանի կողմէ առաջին վերահաստատումները կը հանդիսանան՝ տարածքային կորուստներու վերաբերեալ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ երեկոյեան սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտնած էր, որ երէկ իսկ Ատրպէյճանի կորուստները որոշ տեղերու մէջ գերազանցած են պատերազմի առաջին օրերու կորուստները։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020