ՄՇՏԱԿԱՆ ԼՈՒԾՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններու վերսկսելէն ի վեր առաջին անգամ երկու ղեկավարներու միջեւ տեղի ունեցաւ շփում մը, որու ընթացքին անոնք կեդրոնացան հակամարտութեան ընթացքին եւ ստեղծուած իրադրութեան վրայ։ Թէ՛ Անգարայէն եւ թէ Մոսկուայէն կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ մատնանշուեցան մշտական լուծման որոնումները։

Ըստ Անգարայի աղբիւրներու հաղորդումներուն, զրոյցի ընթացքին Էրտողան դիտել տուաւ, որ Հայաստան կը ջանայ մշտական վիճակի մը վերածել բռնագրաւումը, որ երեսուն տարիէ ի վեր կը շարունակուի։ Թուրքիա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամի կարգավիճակով եւ իր երկկողմանի յարաբերութիւններու շրջանակին մէջ կողմնակից է, որ այս խնդիրը մշտական լուծում մը ունենայ։

Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրներն ալ մանրամասնութիւններ հաղորդեցին այս հեռախօսազրոյցին շուրջ։ Քրեմլինի կողմէ տեղեկացուեցաւ, որ երկու նախագահները մանրամասնօրէն անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին։ Անոնք կարեւորեցին մարդասիրական հրադադարի իրականացումը։ Կողմերը հանդէս եկան քաղաքական գործընթացի աշխուժացման ի նպաստ՝ մասնաւորապէս, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մշակած սկզբունքներուն։ Փութին Էրտողանի նկատառման յանձնեց իր լուրջ մտահոգութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան Մերձաւոր Արեւելքէն գրոհայիններու մասնակցութեան կապակցութեամբ։ Ռուս ղեկավարը յոյս յայտնեց, թէ Անգարա՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ, շինիչ դեր մը կը ստանձնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լիցքաթափման ուղղութեամբ։ Վլատիմիր Փութին մատնանշած է արիւնահեղութիւնը փութով դադրեցնելու եւ խաղաղ կարգաւորման անցնելու ուղղեալ ջանքերը համախմբելու ծայրայեղ անհրաժեշտութիւնը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, երէկուան հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ։

Նախագահներու հեռախօսա-զըրոյցէն առաջ, երէկ թէ՛ Անգարայէն եւ թէ Մոսկուայէն զանազան պատգամներ հնչեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակի ժողովի ընթացքին նախագահ Էրտողան հերթական անգամ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։ Ան դիտել տուաւ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը պէտք է աւարտէ բանակցութիւնները եւ պէտք է վերադարձնէ Ատրպէյճանի տարածքները։ Իր խօսքով՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը այս գործը կը ձգձգէ։ «Բանակցութիւն մը երեսուն տարի կը տեւէ՞։ Երեսուն տարիէ ի վեր ձգձգում։ Տուէք՝ չտուին։ Անոնք, որոնք մեզի հետ կապ կը հաստատեն, կ՚ըսեն, թէ Սուրիայէն միւճահիտներ ուղարկած ենք այնտեղ։ Մենք այսպիսի խնդիր մը չունինք։ Մենք ամէն տեսակ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերենք մեր ազէրի եղբայրներուն։ Ինչո՞ւ չէք խօսիր Մինսքեան եռեակի մէջ գտուողներուն կողմէ տրուած զօրակցութեան մասին։ Ռուսաստանէն, Ֆրանսայէն այսքան զէնք կը փութացուի։ Լռութիւն կը պահէք այսքան խրախուսանքի դիմաց։ Այն ինչ, որ պէտք է ընէ Մինսքեան խմբակը՝ հիմա իսկ բանակցութիւնները պէտք է աւարտէ եւ տարածքները վերադարձնէ սեփականատիրոջ», ըսաւ Էրտողան։

Իր կարգին, գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն ալ երէկ զօրակցութեան նամակ մը ուղարկեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին։ «Ռէօյթըրզ» գործակալութիւնը երէկուան հաղորդումներուն մէջ տեղեկացուց, որ ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ այս տարի Թուրքիա վեց անգամ աւելցուցած է ռազմամթերքի մատակարարումները դէպի Ատրպէյճան։

Մոսկուայէն ալ երէկ օրուան տեւողութեան տեսակէտներ հնչեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ընթացքին շուրջ։ Նախագահներու հեռախօսազրոյցին նախորդած մթնոլորտին մէջ, օրուայ սկիզբին արդէն տեղի ունեցած էր Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի լայնածաւալ մամլոյ ասուլիսը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորումը հնարաւոր է։ Բանակցային սեղանի վրայ մնալ կը շարունակեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի առաջարկները, որոնք կը նախատեսեն առաջին փուլին Արցախի յարակից անվտանգութեան գօտիի հինգ շրջաններէն հայկական զօրքերու դուրս բերուիլը։ Այս յայտարարութիւնները ընելու զուգահեռ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Կը հաղորդուի, որ Պայրամովի հետ զրուցելու ժամանակ Լաւրով շեշտեց, թէ հրադադարի վերահսկման դրութեան հաստատման շուրջ անյապաղ համաձայնութեան մը հասնիլը այլընտրանք չունի։

Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքովն ալ երէկ յայտնեց, որ Ռուսաստանի զինուորականները կը ստուգեն Հայաստանի տարածքէն ներս կառոյցներու վնասուած ըլլալու վերաբերեալ տեղեկութիւնները։ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքին հասցուած հարուածներու վերաբերեալ տեղեկութիւնները ռուսական կողմը կ՚ուսումնասիրէ՝ մշտական կապի մէջ գտնուելով հակամարտ կողմերէ գործընկերներու հետ։ Փեսքով մեկնաբանեց նաեւ Թուրքիոյ՝ Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթացին ներգրաւուելու ձգտումը։ Անցեալ շաբաթավերջին կատարուած մարդասիրական հրադադարի վերաբերեալ յայտարարութեան բովանդակութիւնը յիշեցնելով՝ Տիմիթրի Փեսքով ընդգծեց, որ Մոսկուա, Պաքու եւ Երեւան կողմնակից են բանակցութիւններու ձեւաչափը պահպանելու։

Լեռնային Ղարաբաղի թէժ իրադարձութիւնները կը քննարկուին նաեւ Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ։ Կը հաղորդուի, որ Մոսկուա այս փուլին չի բացառեր Ուաշինկթընի հետ առանձին շփումներ ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Ռիապքով երէկ յայտնեց. «Շփումները ԱՄՆ-ի հետ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով կը շարունակուին։ Ամբողջութեամբ չի բացառուիր դէմ առ դէմ շփումը՝ կախուած տարածքաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակէն»։ Ռուս փոխ-նախարարի հաւանական համարած շփումները տեղի կրնան ունենալ մինչեւ ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւնները։ Հարկ է յիշեցնել, որ կողմերու բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն միջեւ վերջին շրջանին քննարկումներ կը ծաւալուին ղարաբաղեան հարցին շուրջ։ Կը հաղորդուի, որ Ռուսաստան այս հարցին շուրջ նման ուղղակի շփումներու մէջ է նաեւ Եւրոմիութեան հետ։

Այս մթնոլորտին մէջ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ Ուաշինկթընի մէջ տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կացութիւնը քննարկած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւնները Ուաշինկթընի իշխանութիւններու ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուին։ «Մենք կը միանանք մեր եւրոպացի գործընկերներուն եւ աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններուն, որոնք կ՚ըսեն, թէ պէտք է հրադադար հաստատուի ու պէտք է սկսի խնդրի լուծումը։ Մենք կը տեսնենք քաղաքացիական բնակչութեան շրջանակէն զոհերու մասին տեղեկութիւնները։ Մենք կը տեսնենք նաեւ, որ Թուրքիա սկսած է ուժեղացնել Ատրպէյճանը։ Մենք կոչ կ՚ուղղենք բոլոր միջազգային դերակատարներուն, որպէսզի այդ տարածքաշրջանէն հեռու մնան՝ չխորացնելով խնդիրները։ Կ՚աշխատինք այդ ուղղութեամբ օգտագործել մեր դիւանագիտական միջոցները, որպէսզի կարողանանք հրադադարի հասնիլ եւ խնդրի այնպիսի լուծումի մը՝ որ հիմնուած կ՚ըլլայ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն վրայ։ Մենք կեդրոնացած ենք այս խնդրին վրայ, մենք մեծ ուշադրութիւն կը ցուցաբերենք այս բոլորին նկատմամբ եւ անկեղծօրէն ըսած՝ մենք արդէն իսկ դիմած ենք որոշ քայլերու, որոնք կ՚աւելցնեն իմ կողմէ յիշատակուած նպատակներուն հասնելու հաւանականութիւնը», ըսաւ ամերիկացի պետական քարտուղարը եւ կոչ ուղղեց՝ քաղաքացիական բնակավայրերու թիրախաւորման դադրեցման եւ հրադադարի պահպանման համար։ Այսպէսով Մայք Փոմփէօ կոչ ուղղած եղաւ Թուրքիոյ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ Ատրպէյճանին աջակցութիւնը դադրեցնելու ի նպաստ։

ԹԵՀՐԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիի երէկ յայտնեց, որ Իրան կ՚ողջունէ ամէն տեսակ քայլ, որով կը լուծուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւնը ու կը դադրեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ քաղաքացիական բնակչութեան կորուստները։

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերսկսած պատերազմին կը համընկնի նաեւ ուրիշ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ յայտնեց, որ յառաջիկայ կիրակի օրուընէ սկսեալ իր երկիրը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ զէնք վաճառելու՝ որու որ ցանկանայ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020