ԱՆԳԱՐԱ ՄԻՇՏ ՎՃՌԱԿԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑԵՐՈՎ

Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները այս շրջանին դարձեալ Թուրքիոյ տեսակէտէ նպաստաւոր հունի մը մէջ չեն ընթանար։ Անգարայի ղեկավարութիւնը օրերէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէ եւ կը բարձրաձայնէ իր մտայնութիւնը՝ անհրաժեշտութեան պարագային ինքնուրոյն ձեւով առկայ խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ։ Վերջին օրերուն Թուրքիա մեղադրանքներ հասցէագրեց միջազգային յառաջատար դերակատարներէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ Ռուսաստանին՝ իրենց խոստումը չյարգելու մէջ։ Այս բոլորը կը յաջորդեն Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի Սոչիի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպման։ Թուրք-ռուսական ամենաբարձր մակարդակի այդ բանակցութիւններու օրակարգի առանցքային նիւթերէն էր Սուրիան։

Այս համայնապատկերին վրայ երէկ հնչեցին Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի վճռական յայտարարութիւնները։ «Սուրիոյ մէջ անհրաժեշտը կը կատարուի», ըսաւ նախարարը՝ անդրադառնալով ՓՔՔ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան։ Իր խիստ ազդարարութիւններուն մէջ նախարարը մատնանշեց, որ իրենց կը հասնին տեղեկագրեր, որոնց շնորհիւ ամէն պահ կը հետեւին իրադրութեան։ «Մեր իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան նպատակով, Հանրապետութեան նախագահի ղեկավարութեան ներքեւ, ինչ որ անհրաժեշտ է նոյն ձեւով պիտի կատարուի՝ երբ որ տեղն ու պահը գայ», ընդգծեց Աքար։

Անկարելի է մտածել, թէ Թուրքիա կրնայ ձեռնածալ մնալ իր սահմաններուն տակ եղած խմորումներուն։

Նախարար Աքար այս բոլորը արտայայտեց Ազգային պաշտպանութեան համալսարանի նոր կրթական շրջանի բացման առթիւ կազմակերպուած արարողութեան ժամանակ ունեցած ելոյթի ընթացքին։ Թէ՛ Աքարի եւ թէ Անգարայի ղեկավարութեան միւս յառաջատար դէմքերու վերջին օրերու այս յայտարարութիւնները հանրային կարծիքին մօտ կը ստեղծեն այն տպաւորութիւնը, թէ Թուրքիա Սուրիոյ ուղղեալ նոր գործողութեան մը կրնայ ձեռնարկել։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2021