ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔՆԵՐԸ

Առաջին լուրջ հարուածը ստացաւ գործող կառավարութիւնը: Ամենէն կնճռոտ հարցը՝ նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան եւ պատասխանատուութիւններու ճշդումի ընթացակարգը գերքաղաքականացուած է արդէն, եւ իւրաքանչիւր կողմ քաղաքական հաշուեյարդարի մօտեցումներ կը տեսնէ:

Արդարադատութիւնը տեսականօրէն ապաքաղաքական է եւ անկախ՝ երկրի գործադիրէն ու օրէնսդիրէն: Տեսական բառը այս պարագային իր հեգնական երանգով պէտք է ընկալել, որովհետեւ անիկա չի վերաբերիր միայն Լիբանանին:

Պատերազմական ոճիրներու հեղինակներ միջազգային ատեաններու կը յանձնուին այն պետութիւններուն կողմէ, որոնք օրին իրենց քաղաքականութեան կիրարկման ընթացքին իբրեւ գործիք զիրենք գործածած են տարբեր առաջադրանքներ իրականացնելու համար:

Լիբանանէն դուրս պահանջուած բարեկարգումներու մէջ արդարադատութիւնը առաջնային մարզ է: Միջոց է սակայն. այս կամ այն գերտէրութիւնը Լիբանանի մէջ անկախ արդարադատութիւն հաստատելէ աւելի համակարգ փոխելու համար որոշ անձնաւորութիւններու հեղինակազրկումը կը նպատակադրէ: Այդ հեղինակազրկումը տալով քաղաքացիական շարժումներու պահանջներու արծարծման կ՚ազդէ ընտրական արդիւնքներուն վրայ:

Արտաքին զօրակցութիւնը՝ լիբանանցի դատաւորին նկատմամբ, բացայայտ է: Առաջադրանքը դատաւորին յանդգնութիւնն ու արդարամտութիւնը բարձրաձայնելու չի նպաստեր արդարադատական կարգերու կայացման:

Միջազգային զօրակցութիւնը այս կամ այն դատաւորին՝ նման դիւրաբեկ կառավարութիւնը եւ ներլիբանանեան անհամաձայնութիւններու մթնոլորտը նկատի ունենալով երբեք չի նպաստեր հետաքննութեան եւ անոր հետեւելիք դատավարութեան: Ընդհակառակն՝ կ՚արգելակէ բնական իրաւակարգը: Բաժանարար նոր գիծ կը ստեղծէ եւ կ՚առաջնորդէ կառավարութեան կաթուածահարման. նոյնիսկ առկախման, որուն երկարատեւ նախընթացներուն ականատես եղած է լիբանանեան հասարակութիւնը:

«Զօրակցական» նման միջամտութիւններ ուրեմն, այս բոլորը նկատի ունենալով, կ՚առաջնորդեն ցնցումներու: «Զօրակցութիւնը» կ՚ընկալուի իբրեւ հրահրում, իսկ հրահրումը կը շարժէ փողոցը: Փողոցը իր հերթին կը վերալարէ կացութիւնը. փողոցին վրայ կառավարութեան վերահսկողութեան բացակայութիւնը կը հեղինակազրկէ այն կառավարութիւնը, որուն կազմութեան համար բազմաչարչար ոդիսականէ ետք կանաչ լոյս վառած էին գլխաւոր խաղացողները:

Միջազգային ուղերձները կը կասեցնեն նորակազմ կառավարութեան երթը: Այդ երթի վերջնակայանը խորհրդարանական ընտրութիւններն են: Նման վարքագիծ նախանշել կու տայ, որ ցնցումներով պիտի յատկանշուի այդ երթը: Այդ ցնցումները անպայման արդարութեան հաստատման, անպատժելիութեան վերացման վեհ նպատակներէ կամ Լիբանանի համակարգը առողջացնելէ չեն բխիր: Կը բխին առընչուող պետութիւններու, գլխաւոր խաղացողներու շահերէն:

Լիբանանեան կողմերէն կ՚ակնկալուի լիցքաթափել մթնոլորտը եւ խուսափիլ առճակատումներէ: Փաստօրէն կան զսպիչ գործօններ, որոնք կը յաջողին շրջանցել նոր անդամալուծումներու եւ նոր բախումնային իրավիճակներու յառաջացման համար տեղադրուած ականները:

Լիբանանը ներկայ կուտակուած ճգնաժամերու վրայ չի կրնար յաւելել տագնապի նոր տեսակներ:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2021