ԶԱՔԱՐԻԱ ՄԻԼՏԱՆՕՂԼՈՒԻ ԵՒ ՆԻԼԿԻՒՆ ԵԸԼՄԱԶԹԻՒՐՔԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Թուրք ճարտարագէտներու եւ ճարտարապետներու պալատներու միութեան հովանաւորութեան ներքեւ գործող Ճարտարապետներու պալատի Իսթանպուլի մասնաճիւղը երէկ գիրքի շնորհանդէս մը կազմակերպեց՝ մասնակցութեամբ Զաքարիա Միլտանօղլուի եւ Նիլկիւն Եըլմազթիւրքի։ Կառոյցի Գարագիւղի կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որ մաս կազմեց «Ճարտարապետներու պալատի պատմութենէն դէմքեր» շարքին։ Բանաւոր պատմութեան ուղղեալ ծրագիր մըն է այս մէկը, որու ծիրէն ներս ճարտարապետներ կը բաժնեն իրենց պաշարը պաշտօնակիցներու եւ հետաքրքիր շրջանակներու հետ՝ տեսանիւթներով ու փաստաթուղթերով, զանազան հրատարակութիւններով հանդերձ։

Զաքարիա Միլտանօղլու եւ Սամի Եըլմազթիւրք մօտաւոր անցեալին հրատարակած էին գիրքեր եւ երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին ծանօթացուեցան անոնք։ Նկատի ունենալով, որ Սամի Եըլմազթիւրք դժբախտաբար մահացած էր, երէկուան շնորհանդէսին մասնակցեցաւ իր կողակիցը՝ Նիլկիւն Եըլմազթիւրք։ Անոնք այս աշխատանքներու լոյսին տակ պատասխանեցին նաեւ ներկաներու հարցումներուն։

Հուսկ, մակագրուեցան գիրքերը եւ սարքուած ընդունելութեան ընթացքին անմիջական զրոյց տեղի ունեցաւ ներկաներուն միջեւ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2021