ԻՐԵՐԱՄԵՐԺ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ

ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Մինսքի երէկուան հաւաքը առիթ դարձաւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ նոր շփումներու։ Այսպէս, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Անոնց միջեւ տեղի ունեցաւ նաեւ եռակողմանի հանդիպում մը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան-Լաւրով զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ։ Անոնք քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Իսկ եռակողմանի հանդիպման ժամանակ նոյնպէս քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ հարցեր, նաեւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւններու իրագործման ընթացքը։ Արարատ Միրզոյեան բարձր գնահատեց ռուսական կողմին միջնորդական ջանքերը՝ միտուած կրակի դադրեցման։ Ան Արցախի հայութեան անվտանգութեան ապահովման համատեսքին մէջ կարեւորեց Ռուսաստանի խաղաղապահներու ներկայութիւնը։ Ան դիտել տուաւ, որ հրադադարի յայտարարութեան կարգ մը դրոյթները տակաւին իրականացուած չեն եւ այս ամբողջին մէջ ընդգծեց հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու անվերապահօրէն հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը։ Անդրադառնալով մօտաւոր անցեալին Նիւ Եորքի մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման՝ Միրզոյեան անգամ մը եւս վերահաստատեց, որ հիմնախնդրի համապարփակ ու տեւական կարգաւորումը պէտք է իրականացուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի եւ անոր տրուած միջազգային լիազօրութեան շրջանակներուն մէջ՝ կողմերուն յայտնի սկզբունքերու եւ տարրերու հիման վրայ։

Արարատ Միրզոյեան երէկ Մինսքի մէջ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ նախարարներու հաւաքին ժամանակ։ Այս փուլին ան մատնանշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորումը մեծապէս կը նպաստէ Հարաւային Կովկասէ ներս տեւական խաղաղութեան հաստատման։ Իր կարգին, Ճէյհուն Պայրամովն ալ Մինսքի մէջ կրկնեց իր երկրին պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։

Մինչ այդ, Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Տարածքաշրջանի յառաջատար դերակատարներուն միջեւ այս շրջանին երթեւեկը կը մնայ աշխոյժ։ Ատրպէյճանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարն ալ այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ՝ մինչ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կը պատրաստուի մօտաւոր ապագային վերստին ուղեւորուիլ դէպի Ատրպէյճան՝ որպէս հիւրը նախագահ Իլհամ Ալիեւի։

Դիւանագիտական այս բանուկ երթեւեկով հանդերձ, բախումներու վերաբերեալ լուրերը միշտ կը շարունակուին՝ խոր մտահոգութեան պատճառ դառնալով։ Երէկ, Պաքուի աղբիւրները պնդումներով հանդէս եկան, թէ հայկական կողմէն եղած են յարձակումներ։ Թէեւ այդ բոլորը անմիջապէս հերքուեցան, սակայն, վրայ հասան Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումները։ Վերջին օրերուն այդ երկրի զօրքերու կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով Արցախի քաղաքացի մը զոհուած էր։ Իսկ երէկ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով Արցախի մէջ վեց հայ զինուոր վիրաւորուեցաւ։ Այս իրադարձութիւնը հերթական անգամ հակազդեցութեան պատճառ դարձաւ։ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան այս դէպքը որակեց Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան հետեւանքը։

Արցախի Պաշտպանութեան բանակը վերջին բախումներու լոյսին տակ տեղեկացուց, որ հայկական կողմը դիրքային կամ տարածքային կորուստներ չունի։ Հայկական կողմը թէեւ զոհեր ալ չէ տուած, սակայն վիրաւորեալներէն երկուքին վիճակը կը համարուի ծանր։  Թէ՛ Երեւանէն եւ թէ Ստեփանակերտէն կատարուած վերջին հաղորդումներուն մէջ դիտել տրուեցաւ, որ սահմանի ամբողջ երկայնքով վերահաստատուած է հանգիստ իրադրութիւնը։ Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց մէջ նոր պատերազմի մը հաւանականութիւնը բացառեց։

Մինչ իրավիճակի կայունացման վերաբերեալ հաղորդումներ կատարուեցան, Մոսկուան ալ հերթական անգամ մատնանշեց եռակողմանի համաձայնութիւններու բոլոր կէտերու անշեղօրէն կատարման անհրաժեշտութիւնը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նշեց, որ այսպէսով նշանակալից հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծուին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար՝ ներառեալ երկկողմանի բարդ հարցերը։ Զախարովա այս յայտարարութիւնները ըրաւ՝ Արցախի մէջ խաղաղ բնակչութեան շրջանակէն զոհ խլած Ատրպէյճանի յարձակումներէն վերջ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2021