ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ 50 ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

Հայ­կա­կան ֆութ­պո­լի ար­դի մե­ծա­գոյն աստ­ղը՝ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան ընդգր­կուե­ցաւ աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն 50 ֆութ­պո­լէօր­նե­րու ցան­կին մէջ։ Goal.com կայ­քէ­ջի վար­կա­ծով ըն­թա­ցիկ տա­րուան 50 լա­ւա­գոյն խա­ղա­ցող­նե­րու շար­քին է 27-ա­մեայ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան, որ Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի կի­սա­պաշտ­պանն է ու ներ­կա­յիս Անգ­լիոյ մէջ կը կրէ «Մեն­չըս­թըր Եու­նայ­թըտ» ա­կում­բի մար­զա­շա­պի­կը։

Ըստ կայ­քէ­ջին, թէեւ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեա­նի «Օլտ Թրա­ֆորտ»ի ո­դի­սա­կա­նը այն­քան ալ յա­ջո­ղու­թեամբ չսկսաւ, սա­կայն ան ան­ցեալ մրցաշր­ջա­նին փայ­լուն ձե­ւով հան­դէս կու գար Պուն­տես­լի­կա­յի մէջ, «Պո­րու­սիա Տորտ­մունտ» ա­կում­բի մար­զա­շա­պի­կով՝ որ­պէս յար­ձա­կո­ղա­կան ո­ճով կի­սա­պաշտ­պան։ Մխի­թա­րեան ար­ձա­նագ­րած էր 11 կոլ ու դար­ձած՝ 15 կո­լա­յին փո­խանց­ման հե­ղի­նակ։ Կայ­քէ­ջի կան­խա­տե­սում­նե­րով, կա­յուն խա­ղա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն եւ գործ­նա­կա­նու­թիւն ստա­նա­լու պա­րա­գա­յին Մխի­թա­րեան ա­պա­հո­վա­բար պի­տի ար­դա­րաց­նէ նաեւ իր փո­խանց­ման հա­մար «Մեն­չըս­թըր Եու­նայ­թը­տի» կող­մէ վճա­րուած 42 մի­լիոն եւ­րոն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016