ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս օրերուն արաբական երկիրներու ղեկավարներուն հետ կը քննարկէ տարածքաշրջանի իրադրութիւնը։ Շաբթուան սկիզբին Սոչիի մէջ ունեցած շփումներէն վերջ Էրտողան իրերայաջորդ այցելեց Քուէյթ եւ Քաթար։ Ան Քուէյթի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ էմիրին՝ Շէյխ Սապահ էլ Ահմէտ էլ Ճեպիր էլ Սապահի կողմէ։ Քուէյթի պետական աւագանիէն այլ յառաջատար դէմքերու կողմէ ալ ընդունուեցաւ Էրտողան, որ աւելի վերջ անցաւ Քաթար։ Տոհայի մէջ ալ Էրտողան շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, դէպի Քուէյթ եւ Քաթար այցելութիւններուն ընթացքին Էրտողան առեւտրատնտեսական բնագաւառի վերաբերեալ արդիւնաւէտ համաձայնութիւններ ապահովեց այդ երկիրներու ղեկավարներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2017