ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ներկայիս աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի խումբ մը անդամներուն հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Ֆրանսայի եւ Արցախի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Բակօ Սահակեան նշեց, որ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը կը հանդիսանայ Ստեփանակերտի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն մին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանակի անդամներուն՝ այդ յարաբերութիւններու խորացման եւ ընդլայնման ուղղեալ ջանքերուն համար։

Բաց աստի, Բակօ Սահակեան Փարիզի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանի հետ։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան Արցախի եւ Ֆրանսայի կապերու ամրապնդման վերաբերեալ հարցեր։ Բակօ Սահակեան կարեւորեց երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ Արցախի եւ Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութիւններու սերտ համագործակցութիւնը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2018