ԵԱԳՈՒՊԵԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԵՆ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՎԻՐԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Արմինիա ֆանտ Եու.Էս.Էյ.»ի (Armenia Fund USA) 2018-ի բժշկական առաքելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ սեպտեմբերի 22-26 թուականներուն միջեւ, Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ գտնուող Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին մէջ, իսկ սեպտեմբեր 27-էն հոկտեմբեր 5-ի ընթացքին՝ Ստեփանակերտի մէջ միասնաբար իրագործուեցաւ «Արմինիա ֆանտ Եու.Էս.Էյ.»ի եւ «Էտվենթիսթ հելթ»ի կողմէ:

Ստեփանակերտի առաքելութեան ընթացքին Տքթ. Ստեփան եւ Շահան Եագուպեանները կատարեցին Արցախի պատմութեան մէջ աննախադէպ, ընդհանուր առմամբ 18 վիրաբուժութիւններ՝ կողք-կողքի աշխատելով տեղացի պաշտօնակիցներու հետ: Գործողութիւնները ընդգրկեցին ծունկի ամբողջական փոխարինման 14 վիրաբուժութիւն եւ յօդադիտային (arthroscopic) չորս վիրաբուժութիւն: Տքթ. Ստեփան Եագուպեան կատարեց ուսի եւ ծունկի յօդադիտային վիրաբուժութիւններ, իսկ Տքթ. Շահան Եագուպեան կատարեց ծունկի փոխարինման գործողութիւններ: Այս բոլոր վիրաբուժութիւնները կարելի դարձան «Տի.Ճէյ.Օ. սըրճիքըլ»ի նուիրած, ընդհանուր առմամբ 200 հազար ամերիկեան տոլար արժէքով ոսկրաբանական վերջնագոյն սարքաւորումներուն ու պիտոյքներուն շնորհիւ:

«Չափազանց գոհ ենք Արցախի մէջ մեր կատարած ոսկրաբանական անդրանիկ առաքելութեամբ», յայտնեց Տքթ. Շահան Եագուպեան եւ շարունակեց. «Մեծ յաջողութիւն մը կը նկատենք այս, որովհետեւ կրցանք տեղւոյն հիւանդներուն տրամադրել ամբողջ շարք մը ոսկրաբանական ծառայութիւններ, ներառեալ՝ ծունկի փոխարինման վիրաբուժութիւններ, որոնք երբեք կարելի չէր իրականացնել Արցախի մէջ: Աւելի՛ն. մենք կրցանք գործակցիլ Ստեփանակերտի բժիշկներուն հետ եւ անոնց հետ ստեղծել ամուր յարաբերութիւն մը, որ, յոյսով ենք, պիտի ամրապնդուի ապագային: Այդ յարաբերութիւնը արդէն իսկ կ՚ընդարձակուի այսօր, որովհետեւ սկսած ենք Արցախի մեր հիւանդներուն շարունակական խնամք հայթայթել՝ հեռաբժշկութեան (telemedicine) միջոցով: Շատ բարձր կը գնահատեմ աշխատանքն ու յանձնառութիւնը այն բոլոր կամաւորներուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք իրականացուցին «Արմինիա ֆանտ Եու.Էս.Էյ.»ի եւ «Էտվենթիսթ հելթ»ի բժշկական միացեալ առաքելութիւնը»:

Ստեփանակերտի մէջ իրականացած առաքելութեան ամբողջ տեւողութեան Տքթ. Ստեփան եւ Տքթ. Շահան Եագուպեանները մեծ ջանք թափեցին հիւանդանոցի ոսկրաբանական անձնակազմի մասնագիտական գիտելիքներն ու հմտութիւնները հարստացնելու համար: Եագուպեանները իրենց տեղացի պաշտօնակիցներուն տրամադրեցին համապարփակ մարզում՝ թէ՛ ոսկրաբանական յառաջացած վիրաբուժութիւններու եւ թէ նոր սարքաւորումներու գործածութեան իմաստներով: Այսպէսով, մինչեւ բժշկական առաքելութեան աւարտը, Տքթ. Ստեփան եւ Տքթ. Շահան Եագուպեանները Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնին համար կարելի դարձուցին հաստատել միջազգային բարձրագոյն չափանիշներով ոսկրաբանական բաժանմունք մը:

Նոյեմբերեանի եւ Ստեփանակերտի մէջ այս տարի կայացած առաքելութիւնները իրագործուեցան «Էտվենթիսթ հելթ»ի Հարաւային Գալիֆորնիոյ շրջանէն աւելի քան 68 բժիշկներէ, հիւանդապահներէ եւ այլ արհեստավարժներէ բաղկացած կամաւոր կազմի մը կողմէ: Աշխատակազմը բժշկական բազմապիսի եւ անվճար ծառայութիւններ տրամադրեց, ներառեալ՝ տարրական եւ մասնագիտական խնամք, զանազան քննութիւններ եւ վիրաբուժութիւններ, Տաւուշի եւ Լոռիի մարզերէն գրեթէ 2 հազար 650 հիւանդներու, ինչպէս նաեւ, առաջին անգամն ըլլալով, Ստեփանակերտէն եւ Արցախի այլ շրջաններէն մօտաւորպէս հազար 40 հիւանդներու: Աւելի՛ն. Նոյեմբերեանի եւ Արցախի մէջ ձրի դեղօրայք տրամադրուեցաւ աւելի քան 2 հազար 500 հիւանդներու:

2015-էն ի վեր Նոյեմբերեանի եւ Ստեփանակերտի մէջ իրականացուած առաքելութիւններուն ընդմէջէն բժշկական բազմապիսի խնամք, ներառեալ՝ 347 վիրաբուժութիւններ, տրամադրուած է ընդհանուր առմամբ 9 հազար 440 հիւանդներու:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2018