ՎԵՀԱՓԱՌԷՆ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան ազատուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր-կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու վերատեսուչի պարտականութիւններէն։ Վեհափառ Հայրապետի նշանակումով՝ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան ծառայութեան կոչուեցաւ Արարատեան հայրապետական թեմէն ներս՝ առաջնորդական փոխանորդի իշխանութեան ներքեւ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2018