ԲԱՐՁՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանէ ներս գործող Ամերիկայի Առեւտուրի պալատի տարեվերջի հանդիպումը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը ունեցաւ այս հաւաքոյթի ընթացքին։ Մասնակիցներու շարքին էին Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Լինն Թրէյսի, Ամերիկայի Առեւտուրի պալատի տնօրէններու խորհուրդի անդամները եւ նոյն կազմակերպութեան աւելի քան 100 անդամներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կամ միջազգային վարկատու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Նիկոլ Փաշինեան հաւաքոյթի ընթացքին ըսաւ. «Ամենակարեւորն է, որ Հայաստանի մէջ կը շարունակուի բարձր տնտեսական տրամադրութիւնը։ Սա յոյս կը ներշնչէ, թէ մենք 2020-ին պիտի բարձրացնենք տնտեսական աճի թափերը։ Այս առումով կ՚ուզեմ արձանագրել, որ միջազգային ամենահեղինակաւոր կազմակերպութիւնները վերագնահատած են մեր երկրի յառաջիկայ տարիներու տնտեսական աճի կանխատեսումները եւ բոլորը այդ աճը գնահատած են աւելի բարձր՝ քան նախկինը։ Մեզի կը մնայ այս ֆոնին վրայ լուծել օրէնսդրական, կառուցակարգային, կառավարութեան արձագանգներու արագութեան եւ արդիւնաւէտութեան խնդիրները։ Կրնանք արձանագրել, որ պատրաստ է այն դաշտը, որու վրայ պէտք է կառուցուի նոր տնտեսական յարաբերութիւնը»։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2019