ԶԱՐԵՀ ՍԻՆԱՆԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՈՒՔՐԱՅՆԱ

Հայասանի՝ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ուքրայնա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, եռօրեայ այցելութիւն մըն է այս մէկը։ Զարեհ Սինանեան մասնակցութիւն կը բերէ Ուքրայնոյ մէջ կազմակերպուած Հայկական երիտասարդական ֆորումին։ Տեղւոյն Հայ երիտասարդութեան միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը։ Բացի այս ֆորումին մասնակցելէ, Զարեհ Սինանեան շարք մը հանդիպումներ կ՚ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, եկեղեցական, երիտասարդական շրջանակներուն հետ։ Ի լրումն այս բոլորին, Զարեհ Սինանեան կը մէկտեղուի Ուքրայնայի խորհրդարանէն ներս Հայաստանի հետ միջխորհրդարանական կապերու պատգամաւորական խումբի անդամներուն հետ։

Հարկ է նշել, որ Զարեհ Սինանեան պարբերաբար կ՚իրականացնէ ուղեւորութիւններ՝ դէպի զանազան երկիրներու հայկական համայնքներուն հետ շփուելու համար եւ միշտ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ երիտասարդութեան նկատմամբ։ Այդ շփումներու ամբողջին մէջ Զարեհ Սինանեան առաջնահերթութիւն կը ցուցաբերէ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն հանդէպ։  

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2019