ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս գործող Հռոմէական Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները վերջերս ունեցան երկօրեայ խորհրդակցութիւն մը։ Այսպիսի հանդիպումները կը կրեն պարբերական բնոյթ։ Այս հերթական խորհրդակցութեան մասնակցեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեան, որ համանախագահի պաշտօնը ստանձնած էր հաւաքոյթի ընթացքին։ Իր կողքին էին Հայր Տիրան Պոհաճեան, Հայր Դաւիթ Քարամեան եւ Էրիք Սրկ. Վոզի։

Ժողովականները  խորհրդակցութեան ընթացքին կանգ առին ներկայ դարու պայմաններուն ներքեւ իմաստաւորման ներքին որոնումներու խնդիրներուն վրայ։ Անոնք մասնաւորապէս ուշադրութիւն կեդրոնացուցին երիտասարդութեան եւ եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն վրայ՝ ներկայ դարով պայմանաւորուած մշակութային մարտահրաւէրներու տեսանկիւնէն։ Քննարկումները ծաւալուեցան թէ՛ տեսական եւ թէ գործնական հարթութիւնները նկատի ունենալով։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2019