ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵՐԷԿՈՒԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, որոնց զուգահեռ նախատեսուած էր թաղի Տատեան վարժարանի տարեկան նուիրահաւաքը։ Աւանդական մատաղօրհնութեան օրը, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ, Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ Սրկ. Պարոնեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցաւ Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սէրճան Կազէրօղլուի։ Նորին Ամենապատուութիւնը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն։ Հաւատացեալները հրաժեշտ առին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր Արձակման աղօթքով։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Տատեան վարժարանի նախկին շէնքէն ներս սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Նկատի ունենալով քորոնաժահրի համավարակով պայմանաւորուած մթնոլորտը՝ Պաքըրգիւղի մէջ եւս լայն մասնակցութեամբ սիրոյ սեղան մը չէր նախատեսուած։ Սահմանափակ մասնակիցներու շարքին էին հոգեւոր հայրերը, Պաքըրգիւղի ընտանիքի վարիչները, ինչպէս նաեւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան խորհուրդէն անդամներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնեց սեղանը, որու շուրջ բոլորուածները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի եւ իր գործակից ընկերներուն կողմէ։ Մինչ այդ, բոլոր թաղեցիներուն եւ հաւատացեալներուն արդէն բաժնուած է աւանդական մատաղի միսը։ Սիրոյ սեղանի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը ունեցաւ հակիրճ ելոյթ մը, որու ընթացքին կոչ ուղղեց, որպէսզի համայնքային վարժարաններու աշակերտները այցելեն Պատրիարքարան՝ մասնաւորապէս անոր թանգարանը, որպէսզի հաղորդ դառնան իրենց ինքնութեան արժէքներուն։

Պաքըրգիւղի ընտանիքը այս տարի Տատեան վարժարանի պիւտճէին համար արդէն սովորականին բաղդատմամբ աւելի ցած բաց մը յայտարարած էր։ Կը տեղեկանանք, որ երէկուան հանգանակութեան շնորհիւ տարեկան պիւտճէն կարելի եղած է հաւասարակշռել։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2021