ՄՐՑԱՆԱԿ՝ ՓՐՈՖ. ՏԱՏՈՅԵԱՆԻՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս գործող Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը պարգեւատրած է փրոֆ. Սեդա Տատոյեանը։ Այս ընկերակցութիւնը, որու նախագահն է փրոֆ. Պետրոս Տէր-Մաթոսեան, հայկական սփիւռքի առաջնային ու համատարած գիտական ցանցերէն մին է։ Փրոֆ. Սեդա Տատոյեան այս ընկերակցութեան՝ Գիտական վաստակի եւ իրագործման պատուանշանին արժանացած է՝ հայագիտութեան բնագաւառին իր բերած արտակարգ ծառայութեան եւ նպաստին համար։

Հալէպի մէջ ծնած երէց սերունդէ մեծարեալ գիտնականը հեղինակած է 12 հատոր, աւելի քան 50 մասնագիտական ուսումնասիրութիւն եւ մեծ թիւով համագումարներու ժամանակ հանդէս եկած է զեկուցումներով։

Տատոյեանի պարգեւատրման համար կազմակերպուած մեծարման ձեռնարկը վարեց փրոֆ. Պետրոս Տէր-Մաթոսեան, որ մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրեց պարգեւատրեալ գիտնականի՝ «Իսլամը հայ գրական մշակոյթին մէջ» գործին վրայ։ Ան շեշտեց, որ սա շատ կարեւոր նպաստ մը եղած է ո՛չ միայն հայագիտութեան տեսակէտէ, այլեւ՝ իսլամագիտութեան եւ միջկրօնական ուսմանց համար։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2021