ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Լիբանանի ընկերատնտեսական առկայ դժուարութիւնները, դժբախտաբար, տագնապեցուցած են նաեւ տեղւոյն հայութեան կեանքը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ջանայ աջակցիլ իր հօտին՝ զանազան կարիքներու դիմագրաւման ճանապարհին։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հայորդիներու առողջապահական կարիքներու դիմագրաւումը։

Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այս շրջանին կը ջանայ հնարաւոր բոլոր լծակները շարժման անցընել, կարելիութիւնները ի գործ դնել՝ բազմաբնոյթ ծով կարիքներու դիմագրաւման հասնելու համար։ Նորին Սրբութեան այս զգայնութեան զուգահեռ՝ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան բարերար ամոլը, Կիլիկեան Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, միջոցներ կը ներդնեն՝ լիբանանահայ կարիքաւորներու հիւանդանոցային եւ ախտաճանաչման քննութիւններու ծախսերու դիմագրաւման ճանապարհին։

Անթիլիասի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Պէզիքեաններու ներդրած միջոցներով ձեռնարկուած ծրագրի առաջին փուլը աւարտած է՝ ընդգրկելով յուլիս-հոկտեմբերի շրջանը։ Պէզիքեաններու հաստատած ֆոնտը հոգացած է 529 պարագայի առողջապահական ծախսերը՝ ներառեալ ախտաճանաչում, բժշկական զանազան քննութիւններ եւ հիւանդանոցային բուժում։ Նախագիծի երկրորդ փուլը կը սկսի այսօր ու կը շարունակուի մինչեւ 31 մարտ 2022 թուականը։

Պէզիքեանները վերջին տարիներուն հետեւողականօրէն զանազան ձեւերով օգտակար կը հանդիսանան լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Արամ Ա. Կաթողիկոս հերթական անգամ բարձր գնահատած է եւ օրհնութեամբ ողջունած այս նուիրեալ բարերարները, որոնք հոգածու վերաբերմունք կը ցուցաբերեն՝ յատկապէս լիբանանահայութեան նկատմամբ, որ կը դիմագրաւէ ծանր շրջան մը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2021