ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր կը հիւրընկալուի Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի կողմէ։ Իրանի նոր ղեկավարութեան ձեւաւորումէն վերջ սա Թուրքիայէն կատարուած բարձր մակարդակի վրայ առաջին այցելութիւնն է։ Ապտուլլահիանն ալ պաշտօնը ստանձնելէ ի վեր առաջին անգամ կը հիւրընկալէ իր թուրք պաշտօնակիցը։

Անգարա-Թեհրան առանցքին վրայ վերջին շրջանին կ՚ապրուի աշխուժութիւն։ Երկու մայրաքաղաքները տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ կը համագործակցին սերտօրէն՝ մասնաւորապէս Սուրիոյ տագնապին կտրուածքով։ Վերջին շրջանին անոնց համատեղ օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել սկսած է Աֆղանիստանի իրավիճակը։ Թէ՛ Անգարա եւ թէ Թեհրան այս շրջանին քննարկման առարկայ կը դարձնեն նաեւ՝ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի ստեղծման հեռանկարը։

Միւս կողմէ, Լիբանանի զանազան լրատուամիջոցներ ալ հաղորդած են, որ Թեհրան այցելութենէն վերջ նախատեսուած է նաեւ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի ուղեւորութիւնը դէպի Պէյրութ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2021