ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։ Նոյն ժողովին կը մասնակցի նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Ծանօթ է, որ անցեալ շաբաթ Միրզոյեան եւ Պայրամով հանդիպում մը ունեցած էին Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ, Փարիզի մէջ, ուր կը մասնակցէին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաժողովին։ Այս անգամ անոնք միջազգային ուրիշ հաւաքի մը համար կը գտնուին Պրիւքսելի մէջ։ Վերջին օրերուն Մոսկուայի կողմէ հաղորդուած էր, որ այս շրջանին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շփումեր նախատեսուած են եւրոպական շարք մը մայրաքաղաքներէ ներս։

Արարատ Միրզոյեան Պրիւքսելի մէջ հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ ԵՄ-ի անդամ երկիրներէն իր պաշտօնակիցներուն հետ։ Արեւելեան գործընկերութեան ժողովին զուգահեռ Պրիւքսելի մէջ կը ստորագրուի Հայաստան-Եւրոմիութիւն ընդհանուր օդագնացութեան գօտիի վերաբերեալ համաձայնագիրը։

2009-էն ի վեր Եւրոմիութիւնը յառաջ կը տանի Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը, որուն մաս կը կազմեն Հայաստան, Վրաստան, Ատրպէյճան, Ուքրայնա, Մոլտովա եւ Սպիտակ Ռուսիա։ Նախագծի նպատակն է ԵՄ-ի պետութիւններուն հետ անոնց քաղաքական եւ տնտեսական կապերու ընդլայնումը։ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ ստորագրուած է Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2021