ՏՔԹ. ԵՐՈՒԱՆԴ ԶՕՐԵԱՆ ԵՐԷԿ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նը (www.avc-agbu.org) վեր­ջին տա­րի­նե­րու կա­րե­ւո­րա­գոյն ձեռք­բե­րում­նե­րէն մին կը հա­մա­րուի՝ թէ՛ հայ­կա­կան մշա­կոյթն ու ար­ժէք­նե­րը մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ ծա­նօ­թաց­նե­լու եւ թէ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան պահ­պան­ման խնդիր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման նպաս­տե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Հա­մա­ցան­ցա­յին այս հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նա­դիր-նա­խա­գահն է Տքթ. Ե­րուանդ Զօ­րեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կ՚ան­դա­մակ­ցի ՀԲԸՄ-ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան։ Ե­րուանդ Զօ­րեան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ Սի­լի­քո­նի հո­վի­տէն ներս հե­ղի­նա­կու­թիւն դա­սուող անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն է։ Ան իր մաս­նա­գի­տա­կան ու գոր­ծա­րար կեան­քի ամ­բողջ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ներդ­րած է այս ծրագ­րին հա­մար։

Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) Կրթա­կան յանձ­նա­խում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ Ե­րուանդ Զօ­րեան ե­րէկ հա­զիւ թէ միօ­րեայ կար­ճա­տեւ այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Իս­թան­պուլ։ Սա մեր կրթա­կան շրջա­նակ­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն կա­րե­ւոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն էր, ո­րով­հե­տեւ Ե­րուանդ Զօ­րեան հեր­թա­կան ան­գամ Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նին մա­սին փո­խան­ցեց ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ։ Ծա­նօթ է, որ սա իր ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւ­նը չէր քա­ղաքս եւ ա­մէն ան­գամ ան նա­խան­ձախն­դիր ե­ղած է թրքա­հա­յու­թեան ա­ւե­լի մօ­տէն ծա­նօ­թաց­նե­լու հա­մար Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նը։ Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ Ե­րուանդ Զօ­րեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թը իս­կա­պէս ե­զա­կի էր իր տե­սա­կին մէջ։ Ա­նոնք, ո­րոնք ա­ռա­ջին ան­գամ կ՚ունկնդ­րէին ա­տե­նա­խօ­սին՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նին մա­սին տար­րա­կան տե­ղե­կա­տուու­թեան վե­րա­հա­սու դառ­նա­լու։ Իսկ ա­նոնք, ո­րոնք նա­խա­պէս ալ լսած էին Ե­րուանդ Զօ­րեա­նը, ար­դէն իր բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջո­ցաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան դի­տար­կե­լու վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նին ար­ձա­նագ­րած յա­ռա­ջըն­թացն ու զար­գա­ցու­մը։

Ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին VADİP-ի կրթա­կան յանձ­նա­խում­բին ա­նու­նով ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Թա­մար Գա­րա­սու, իսկ ա­ւե­լի վերջ Ե­րուանդ Զօ­րեան հան­դէս ե­կաւ՝ տե­սո­ղա­կան նիւ­թե­րու ցու­ցադ­րու­թեամբ։ Այդ տե­սո­ղա­կան նիւ­թե­րը, բնա­կա­նա­բար, գործ­նա­կա­նին մէջ կը նշա­նա­կէին պաս­տա­ռի վրայ ուղ­ղա­կի Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նի կայ­քէ­ջէն ներս ման­րա­մասն շրջա­գա­յու­թիւն մը։ Հա­զա­րա­ւոր մաս­նա­կից­նե­րու վե­րա­բե­րեալ քա­նա­կի տուեալ­նե­րէն սկսեալ, մին­չեւ բո­վան­դա­կու­թեան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­ներն ու մաս­նա­գի­տա­կան կամ թեք­նիկ խոր­քը՝ Ե­րուանդ Զօ­րեան ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նը։ Շատ հե­տաքրք­րա­կան էին իր կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած տուեալ­նե­րը՝ աշ­խար­հի զա­նա­զան ցա­մա­քա­մա­սե­րէն բե­րուած մաս­նակ­ցու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նը հա­յոց մշա­կոյ­թի, պատ­մու­թեան, լե­զուի եւ կեն­ցա­ղի կամ ար­ժե­հա­մա­կար­գի վե­րա­բե­րեալ մատ­չե­լի տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը բո­վան­դա­կէ եւ մաս­նա­կից­նե­րը ի­րենց կամ­քին եւ աշ­խա­տան­քի թա­փին հա­մե­մա­տու­թեամբ կրնան խո­րա­նալ այդ աշ­խար­հին մէջ։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջա­վայ­րին մէջ կը գոր­ծեն դա­սա­րան­ներ՝ մաս­նա­գէտ­նե­րու կամ ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Ժա­մե­րու գօ­տի­նե­րէ կա­խեալ զու­գա­հե­ռա­կա­նի մը մէջ՝ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու դա­սա­րան­նե­րը կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն նաեւ հա­մա­տեղ ծրագ­րեր, ինչ որ այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան ըն­ձե­ռած ա­մե­նա­հե­տաքրք­րա­կան եւ ե­զա­կի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րէն մին է, որ կու գայ բազ­մա­պատ­կել նաեւ ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը։

Ե­րուանդ Զօ­րեան իր ե­լոյ­թի ա­ւար­տին պա­տաս­խա­նեց նաեւ ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։

Միւս կող­մէ, Իս­թան­պու­լի մէջ իր կարճ կե­ցու­թեան շրջագ­ծով Ե­րուանդ Զօ­րեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն պա­տուեց նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­տու­նը։ Ան թեր­թիս խմբագ­րա­տու­նը այ­ցե­լեց ու­ղեկ­ցու­թեամբ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն Սար­գիս Չա­վու­շեա­նի եւ VADİP-ի կրթա­կան յանձ­նա­խում­բի ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գող Նուր­հան Փալ­քօղ­լուի։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ե­րուանդ Զօ­րեան եւ թեր­թիս գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նե­ցին զի­րար հեր­թա­կան ան­գամ Իս­թան­պու­լի մէջ վե­րագ­տած ըլ­լա­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ե­րուանդ Զօ­րեան դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց ե­րէկ մաս­նակ­ցած հա­ւա­քոյ­թին շուրջ եւ ա­ւել­ցուց, թէ առ­հա­սա­րակ յու­սադ­րիչ ըն­թացք մը ու­նի Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նը։

Ե­րէկ կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն Ա­թէն­քէն քա­ղաքս հա­սած Ե­րուանդ Զօ­րեան ար­դէն ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն հրա­ժեշտ ա­ռաւ Իս­թան­պու­լէն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015