ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԵՒՈՐ ՍԱՐՔ
Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ կը կարդանք.-
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» երկրորդական վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ իր 2016-2017 տարեշրջանի շրջանաւարտ աշակերտներէն Դանիէլ Մուրատեան, իր մասնակցութիւնը բերած է Գալիֆորնիոյ ճարտարագիտական հիմնարկի գիտնականներէն Տքթ. Ռիչըրտ Կայի գլխաւորութեամբ իրականացած ծրագրի մը, որուն շնորհիւ կարելի եղած է բարելաւել երկրաշարժի մը հաւանականութիւնը ծանուցող սարքեր։
Արդարեւ, առաւել զգայուն այս սարքերէն շատերը տեղադրուած են Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի վարժարաններուն մէջ։ Անոնք, զանգուածային լրատուամիջոցներու ճամբով, նախկին սարքերէն աւելի կանուխ ազդարարութիւններ պիտի կատարեն հանրութեան, երբ երկրաշարժ պատահելու հաւանականութիւն ըլլայ։
Երկրաշարժի կանխազգուշացման նշեալ մեծապէս կատարելագործուած համակարգը պատրաստ պիտի ըլլայ 2018 թուականին։