ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐԴՈՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեց՝ արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքով Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած քաղաքական ուժի արձանագրած յաջողութեան բերումով։ Երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը հասարակութեան մէջ, ազգային աշխարհասփիւռ կեանքէ ներս միասնութեան, համերաշխութեան, ներողա-մըտութեան ոգիի փոխադարձ յարգանքի եւ հանդուրժողականութեան մթնոլորտի զօրացման, նաեւ ազգային ներուժի համախմբման ի շահ հայրենիքի եւ դարաւոր ազգային իղձերու եւ երազանքներու իրականացման։ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ այս ճանապարհին Հայ Եկեղեցին՝ հաւատարիմ է իր առաքելութեան, պիտի շարունակէ իր ուժերու ներած չափով եւ ամբողջ հնարաւորութիւններով ջանքեր գործադրել յանուն հայոց անկախ պետականութեան եւ ազգային միաբանութեան ամրապնդման։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ջերմ խօսքերուն ու բարեմաղթանքներուն համար։ Ան շատ կարեւոր նկատեց այցելութիւնները հայոց հոգեւոր կեդրոն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Փաշինեան արձանագրեց, որ Հայաստան թեւակոխած է կարեւոր փուլ մը, երբ առիթ ներկայացած է վերաիմաստաւորելու հայոց պատմութեան բազմաթիւ էջեր։ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ արժէքներու եւ անոնց փոփոխման անհրաժեշտութեան՝ ընդգծելով այս շրջափուլին սեփական եւ այլոց իրաւունքներու ազատութիւններու նկատմամբ յարգանքի կարեւորութիւնը։ Ըստ իրեն, պէտք է յառաջ գան ազգային, պետական, հանրային նպատակները, պէտք է տեղի ունենայ ծառայութիւն յանուն այդ նպատակներուն եւ իրենք ալ տրամադրուած են համապատասխան ձեւով։

Զրոյցի տեւողութեան խօսուեցաւ հայկական կեանքի զանազան խնդիրներուն, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին։ Վեհափառ Հայրապետը Փաշինեանին մաղթեց Աստուծոյ զօրակցութիւնը՝ ազգօգուտ եւ հայրենաշէն ծրագրերու իրագործման ճանապարհին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2018