ՄՇՏԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պաքուի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունին շատ սերտ բարեկամական յարաբերութիւններ եւ այս երկու երկիրները միշտ կ՚աջակցին իրարու։ Ալիեւ ընդգծեց նաեւ, որ Թուրքիա կը պաշտպանէ Ատրպէյճանի արդար դիրքորոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին ան Չավուշօղլուի միջոցաւ յղեց իր ողջոյնները Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու Պաքու մեկնած էր Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ժողովին մասնակցելու համար։ Իր կեցութեան ընթացքին նախարարը ընդունուեցաւ Ալիեւի կողմէ։ Չավուշօղլու նշեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ժխտական կամ դրական բոլոր առիթներով իրարու կողքին դիրք կը գրաւեն։ «Թուրքիա միշտ ձեզի հետ է», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ ընդգծեց, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները գերազանց մակարդակի մը վրայ կը գտնուին։ Չավուշօղլու դիտել տուաւ նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան խնդիրներու շուրջ Թուրքիա միշտ ամենաամուր զօրակցութիւնը տուած է Ատրպէյճանին եւ պիտի շարունակէ նոյնը ընել։

Միւս կողմէ, նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Պաքուի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2018