ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսայի կողմէ ձեռնարկուած մարդասիրական օժանդակութեան արշաւի ծիրէն ներս շաբաթավերջին Երեւան հասաւ երրորդ ֆրանսական օդանաւը, որ կը փոխադրէր մարդասիրական օժանդակութիւն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս թռիչքով փոխադրուած է «Ազնաւուր» հիմնարկին կողմէ հաւաքուած մարդասիրական նուիրատուութիւնը։ Օդանաւը կը փոխադրէր անուասայլակներ, քայլակներ, բժշկական սարքաւորումներ, դիմակներ, դեղամիջոցներ, խնամքի պարագաներ, զգեստներ եւ այլն։ Այդ բոլորը Հայաստանի մէջ պիտի բաժնուին նոյն հիմնադրամին կողմէ։ Երեւան հասած օդանաւը կը փոխադրէր նաեւ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի կողմէ յատկացուած դպրոցական պարագաներ եւ «Վէօլիա» հիմնադրամին կողմէ «Ազնաւուր» հիմնադրամին տրուած պարագաներ։ 

Բաց աստի, կը հաղորդուի, որ Յունաստանէն ալ մարդասիրական օժանդակութիւն հասած է Հայաստան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2020