ՍԿԶԲՈՒՆՔԸ ԵՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆԸ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը ծնունդ տուած է բոլորովին նոր օրակարգի մը, որ լուրջ մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ Հայաստանի տեսակէտէ։ Յետպատերազմեան իրավիճակը մարդասիրական ծանր աղէտի մը պատճառ դարձած է, իսկ միւս կողմէ անխուսափելի դարձուցած՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման աշխատանքները։ Պատերազմի հետեւանքով յառաջացած պարտութիւնը կաթուածահար ըրած է Հայաստանի պետական վարչամեքենան, ինչ որ կ՚ուղղորդուի նաեւ ներքին քաղաքական լուրջ տագնապով մը։ Հայ իրականութեան մօտ լուրջ անհանգստութիւն յառաջացած է, որ Հայաստան չի յաջողիր լիարժէք ներգրաւուիլ այս գործընթացին՝ մինչ ընդդիմադիր լրատուամիջոցները ողողուած են բազում օրինակներով, որոնք կը ցոլացնեն յառաջացած թերութիւնները եւ տկարութիւնները, որոնք կրնան ունենալ երկարաժամկէտ անդառնալի հետեւանքներ։

Այս իրավիճակին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտնեց, որ երկրի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները մնացած են ու պիտի մնան անձեռնմխելի։ Ըստ իրեն, սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքը չի կրնար որեւէ ձեւով կասկածի տակ դրուիլ։ Ան այս բոլորը յայտնեց՝ մանաւանդ, Սիւնիքի մարզէն հաւանական տարածքներու կորուստներու մասին խօսակցութիւնները հերքելու համար։ Նոյն առցանց ելոյթին ժամանակ Փաշինեան նշած է, որ շաբաթավերջին Ատրպէյճանի բանակին կողմէ գրաւուած Հին Թաղեր-Խծաբերդ հատուածը պէտք է մնայ հայկական վերահսկողութեան ներքեւ։

Շաբաթավերջին Ատրպէյճանի բանակին կողմէ հրադադարի խախտումն ու երկու նոր գիւղերու բռնագրաւումը ինքնին ապացոյց մը եղած էր, թէ յառաջիկայ փուլերը որքան ծանր կրնան ըլլալ Հայաստանի տեսակէտէ։ Փաշինեան վերոյիշեալ պահանջը արտայայտած էր նաեւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին ժամանակ։ Կիրակի, բախումներու յաջորդած մթնոլորտին մէջ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդած էին, որ Արցախէ ներս տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Հին Թաղեր-Խծաբերդ հատուածը։ Երեւանեան աղբիւրներ տեղեկացուցին, որ երէկուան դրութեամբ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կայքէջին վրայ տեղադրուած քարտէսէն այդ հատուածը դուրս թողուած է։ «www.razm.info» կայքէջը շեշտած է, որ Հին Թաղեր-Խծաբերդ հատուածը այս պայմաններուն ներքեւ այլեւս ընդգրկուած չէ Ռուսաստանի խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ։

Վարչապետ Փաշինեանի նման ճակատագրական խնդիրներու շուրջ կատարած ազդարարութիւններէն վերջ համապատասխան շօշափելի արդիւնքներու բացակայութիւնը կու գայ վերահաստատել հանրային կարծիքին մօտ օրակարգի վրայ եկած խոր անհանգստութիւնը՝ բոլոր մտահոգիչ հաւանականութիւններով հանդերձ։ Բաց աստի, դաշտի վրայ տեղի կ՚ունենան այլ գործնական իրադարձութիւններ, որոնք եւս կ՚ապացուցանեն, որ մանաւանդ Սիւնիքի մարզի պարագային կացութիւնը ծանրակշիռ է առանց չափազանցութեան։ Արդարեւ, «www.tert.am»ի հաղորդումներով, Կապանի քաղաքապետ Գէորգ Փարսեան հաստատած է, որ վերջին օրերուն Ագարակի շրջանէն ներս Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ կրակոցներ պատահած են։ Քաղաքապետը այս յայտարարութիւնները ըրած է գանատացի լրագրող Նիլ Հաուէրին, որ կը լուսաբանէ Արցախի հակամարտութիւնը։ Գէորգ Փարսեանի փոխանցած տեղեկութիւններով, 50 ազէրի զինուորներ շարժման անցած են հայկական կողմի ուղղութեամբ, ի պատասխան հայկական զօրքերը դէպի օդ կրակած են, նոյնը ըրած են նաեւ ատրպէյճանցիները։ Դէպքի հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ չեն եղած։

ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

Յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ, երէկ, հրադադարի համաձայնութիւնով նախատեսուած դրոյթներուն տեսակէտէ առնուեցաւ շօշափելի քայլ մը։ Նախ Պաքուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ «Բոլորը՝ բոլորի դիմաց» սկզբունքով գերիներու եւ ձերբակալեալներու փոխանակումը կը սկսի։ Երեւանի աղբիւրներն ալ աւելի ուշ տեղեկացուցին, որ Հայաստան վերադարձած է պաշտօնապէս հաստատուած 44 գերի։ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան տեղեկացուց, որ Ռուսաստանի խաղաղապահներու միջնորդութեամբ տեղի ունեցած է անոնց վերադարձը։ Ըստ իրեն, այս փուլին վերադարձած են այն հայ գերիները, որոնց գերեվարուած ըլլալու փաստը հաստատուած է Ատրպէյճանի եւ Կարմիր խաչի կողմէ։ Բոլոր մնացեալներուն համար խտացեալ աշխատանքը կը շարունակուի։

Նոյն ծիրին մէջ Հայաստանն ալ Ատրպէյճանին վերադարձուցած է 12 հոգի։ Այդ վերադարձուած ատըր-պէյճանցիներու շարքին կը գտնուի երկու դատապարտեալ։ Այս վերջիններն են Տիլհամ Ասկերով եւ Շահպազ Կուլիեւ, որոնք 2014 թուականին Արցախի մէջ բանտարկուած էին՝ լրտեսութեան, պետական սահմանի ապօրինի խախտման, ռազմամթերք կրելու, անձի առեւանգման եւ սպանութեան համար։ Ընդ որում անոնց կողմէ անչափահաս մը սպաննուած էր։ Արցախի դատական իշխանութիւնները վճիռ արձակած էին, որպէսզի անոնցմէ մին ցկեանս բանտարկուի, իսկ միւսը 22 տարի ազատազրկուի։ Գերիներու փոխանակման ծիրին մէջ այս երկու դատապարտեալներու յանձ-նըւիլը Հայաստանի մէջ պատճառ դարձած է բուռն քննադատութիւններու։ Մասնագէտներ կը նշեն, որ այդ դատապարտեալներու պարագային կա՛մ Արցախի նախագահը պէտք է ներում շնորհէր եւ կամ վճռաբեկ որոշում մը ընդունուէր։ Անոնք ռազմագերի չեն եղած, սակայն յետպատերազմեան առկայ իրավիճակին մէջ հայկական կողմը այդպէս ալ յանձնած է Տիլհամ Ասկերովը եւ Շահպազ Կուլիեւը։

ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Մինչ այդ, յետպատերազմեան շրջանին առաջին անգամ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Ստեֆան Վիսքոնթի եւ ամերիկացի համանախագահ Էնտրու Շեֆըր այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, անոնք երէկ շփումներ ունեցան Երեւանի մէջ։ Համանախագահներուն հետ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։ Ինչպէս Պաքուի մէջ, այնպէս ալ Երեւանի մէջ բացակայեցաւ ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան համանախագահներուն հետ քննարկեց հրադադարին յաջորդած իրադարձութիւնները, արցախահայութեան իրաւունքներու վերականգնման հարցեր։ Նախարարը վերահաստատեց հայկական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումը, ըստ որու արցախահայութեան իրաւունքներու եւ շահերու հասցէագրումը պէտք է տեղի ունենայ նախ եւ առաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ներքեւ, հաշտութեան գործընթացի շրջանակներէն ներս։ Որպէս հայկական կողմի առաջնահերթութիւն՝ Այվազեան ընդգծեց Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ անոր կարգավիճակի հաստատումը, Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած Արցախի տարածքներու ազատումը, արցախահայութեան՝ սեփական բնակավայրեր անվտանգ վերադարձի համար պայմաններու ապահովուիլը եւ կրօնական ու մշակութային ժառանգութեան պահպանումը։ Արա Այվազեան համանախագահներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց՝ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի համաձայնութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւններու խախտման ուղղեալ վարքագծին վրայ։ Այս երեւոյթի վերջին ակնյայտ դրսեւորումը եղած են շաբաթավերջի սադրիչ գործողութիւնները, որոնք զուգադիպած են համանախագահներու տարածքաշրջան այցելութեան օրերուն։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ ֆրանսացի եւ ամերիկացի համանախագահները ընդունելու ժամանակ անհրաժեշտ համարեց Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ բանակցութիւններու վերականգնումը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յետպատերազմեան իրավիճակը, բանակցային գործընթացի վերսկսման, արցախահութեան իրաւունքներու վերականգնման եւ անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեանն ալ մատնանշած է հայկական կողմի այն առաջնահերթութիւնները, որոնք Արա Այվազեանի կողմէ բացատրուած են։

Հարկ է նշել, որ համանախագահները չեն իրականացուցած Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ նախատեսուած հանդիպումը։ Երեւանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այդ հանդիպումէն հրաժարած է հայկական կողմը։

Ստեֆան Վիսքոնթիի եւ Էնտրու Շեֆըրի Պաքու եւ Երեւան կատարած այցելութենէն վերջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Այս յայտարարութեան միացած է նաեւ ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով՝ հակառակ շփումներէն իր բացակայութեան։ Համատեղ յայտարարութեան մէջ դիտել տրուած է, որ Փոփով բացակայած է՝ ճամբորդելու անկարողութեան հետեւանքով։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ երկու մայրաքաղաքներէ ներս ալ համանախագահները ներկայացուցած են իրավիճակի գնահատականը եւ յաջորդ տարուայ համար նախատեսուած համագործակցութեան վերաբերեալ ակնկալութիւնները։ Հաշուի առնելով ստեղծուած նոր իրողութիւնները՝ անոնք հաստատած են իրենց շարունակական նուիրուածութիւնը՝ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում խթանելու եւ առկայ խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ։ Համանախագահները պատրաստակամութիւն յայտնած են յստակ առաջարկներ ներկայացնել կողմերու ապագայ քննարկումներուն համար՝ հանդիպումներու ընթացքին օրակարգի վրայ բերուած հարցերուն վերաբերեալ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2020