ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ. «ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿՈՐԾԱՆԱԾ Է ԵՐԿԻՐԸ»

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ձախողումով պայմանաւորուած՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան դէմ ցասումը կը շարունակուի եւ հրաժարականի պահանջը կ՚արտայայտուի հետզհետէ աւելի ընդգծեալ ձեւով։ Օր չ՚անցնիր, որ Հայաստանի մէջ տեղի չունենան բողոքի ցոյցեր, հանրահաւաքներ կամ երթեր, որոնց միջոցաւ ժողովուրդը կ՚արտայայտէ իր անվստահութիւնը իշխանութեան դէմ։ Երէկուայ օրն ալ տարբեր չէր այս առումով։ Առաւօտուն Կիւմրիէն բողոքի ցոյցի վերաբերեալ լուրեր հասան, իսկ երեկոյեան մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արժանապատուութեան երթ»։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորման կողմէ կազմակերպուած այս երթին մասնակցեցաւ հոծ բազմութիւն մը։ Մայրաքաղաքի կեդրոնական պողոտաներով եւ փողոցներով շրջելէ վերջ՝ երթը իր աւարտին հասաւ Երեւանի Ս. Աննա եկեղեցւոյ մօտ։ Սա Սայաթ Նովայի պողոտայի եւ Աբովեան փողոցի խաչմերուկն է։ Երթի աւարտին եկեղեցւոյ բակէն ներս մեծ խարոյկ մը վառուեցաւ։

Մինչ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը հետզհետէ աւելի համատարած բնոյթ մը կը ստանայ, երէկուան երթի մասնակիցները կը վանկարկէին՝ «Նիկոլ, հեռացի՛ր»։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան երէկ օրուայ ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ խումբ մը մտաւորականներու եւ մշակոյթի գործիչներու հետ։ Իսկ երեկոյեան ան մասնակցեցաւ ընդդիմութեան «Արժանապատուութեան երթ»ին, որու ընթացքին զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ նաեւ երէկ առաւօտ ընկերային ցանցերու վրայ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցած ելոյթին ժամանակ արտայայտուած զանազան տեսակէտերուն կամ պնդումներուն։ Այսպէս, Վազգէն Մանուկեան համոզուած է, թէ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ մնալուն համար տարբերակ չկայ։ «Ինքը շատ բան չի տեսներ, երբեք ալ պիտի չունենայ իշխանութենէն հրաժարելու ցանկութիւն։ Իր ցանկութեամբ չէ, ժողովուրդի ցանկութեամբ է, մենք կը ձեւաւորենք ժողովուրդի ցանկութիւնը», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան եւ կոչ ուղղեց՝ ոտքի կանգնիլ, կառուցել տնտեսութիւն։ Որպէս օրինակ ան մէջբերեց Գերմանիոյ պարագան եւ ըսաւ. «Գերմանիա ծունկի եկած էր թէ՛ Առաջին եւ թէ Երկրորդ աշխարհամարտերուն, հիմա Եւրոպայի ամենահզօր երկիրն է։ Այսինքն կայ ճանապարհ»։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը պահանջէ, որ նախ Փաշինեան հրաժարի եւ ստեղծուի անցումային կառավարութիւն մը եւ այդ մէկը երկիրը տանի արտահերթ ընտրութեան։ Վարչապետը այս ճանապարհային քարտէսին կապակցութեամբ ունի այն մօտեցումը, թէ ընդդիմութիւնը չի պահանջեր արտահերթ ընտրութիւն։ Այս կապակցութեամբ Վազգէն Մանուկեան ըսաւ. «Եթէ նոյնիսկ այս պարտութենէն յետոյ ինքը դուրս չի գար, դուք կը պատկերացնէ՞ք՝ արտահերթ ընտրութիւններուն ինչ պիտի ըլլայ։ Սա աննախադէպ ջարդ մը պիտի ըլլայ եւ աննախադէպ կեղծիքներ պիտի ըլլան։ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան օրով՝ 2018-ին եղած են խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ եղած են արդար։ Նիկոլ Փաշինեան այդ ժամանակ կրնար հանգիստ ընտրուիլ եւ ընտրուեցաւ։ Բայց հիմա ինքը գիտէ, թէ պիտի չընտրուի։ Չէ՞ք նկատեր՝ ինքը բոլոր միջոցներուն կը դիմէ, որպէսզի իշխանութեան գլուխ մնայ։ Ուրեմն, դուք մտածեցէք՝ մարդիկ երթան, թուղթ նետեն արկղի մէջ եւ ինքը թողէ՞, երթա՞յ, բացառուած է։ Ես համոզուած եմ։ Ընդդիմութիւնը չի պահանջեր արտահերթ ընտրութիւններ, որովհետեւ գիտէ, թէ այդ արտահերթ ընտրութիւնները լրիւ կեղծիք պիտի ըլլան եւ այստեղ ընտրութիւններու հարց չէ։ Ինքը կործանած է մեր երկիրը, կործանողը կա՛մ ինքնասպան կ՚ըլլայ եւ կամ դուրս կու գայ։ Ես գիտեմ, թէ Նիկոլը պիտի երթայ բոլոր պարագաներով… Տասն օր յետոյ, ամիս մը յետոյ, ժամ մը յետոյ»։ 

Հայաստանի ծանրակշիռ քաղաքական տանգապի պայմաններուն ներքեւ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հերթական անգամ յայտարարած էր, որ կը շարունակէ կատարել վարչապետի իր գործառոյթները։ Ան պնդած էր, թէ այդ բոլորը կը կատարէ շիտակ ու ազնիւ։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Փաշինեան հանդէս կու գայ հետաքրքրական դիրքերէ։ Ըստ քաղաքական մեկնաբաններու, ան կա՛մ կտրուած է իրականութենէն եւ կամ չհասկնալ կը ձեւացնէ։ Ան երէկ յայտնեց, որ ինք պիտի հրաժարի, եթէ այդ ուղղութեամբ ժողովուրդի կամքի արտայայտման հաւաստի նշաններ ըլլան, իսկ ներկայիս այդպիսի նշաններ չկան։ «Հայաստանի մէջ իշխանութեան եւ իրադրութեան տէրը ժողովուրդն է՝ ինչպէս եղած է ու կը շարունակէ մնալ։ Կ՚ուզեմ ըսել, որ ինքզինքս կը համարեմ այդ իրադրութեան երաշխաւորը։ Ժողովուրդը պէտք է վստահ ըլլայ, թէ իր կամքը Հայաստանի մէջ վճռական եւ անշրջելի նշանակութիւն ունի։ Ժողովուրդի կամքը շրջանցելու բոլոր փորձերը չեն կրնար յաջողութիւն ունենալ», ըսաւ ան։ 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2020