ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մոսկուա եւ Անգարա աւարտին հասցնելու վրայ են՝ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի վերահսկման նպատակով նախատեսուած Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ կեդրոնի բացման աշխատանքները։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ բանակցութիւնները յառաջ կը տարուին Պաքուի հետ համագործակցութեամբ։ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին լայնածաւալ պատերազմի առաջին իսկ օրէն Անգարա եւ Պաքու կը յայտարարէին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անարդիւնաւէտութեան մասին ու կը յայտնէին, որ հակամարտութեան կարգաւորմամբ պէտք է զբաղին Ռուսաստանն ու Թուրքիան՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ։

Միւս կողմէ, Թեհրանն ալ կը շարունակէ ուշադրութեամբ հետեւիլ տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն։ Իրանի «Ֆարտա» հրատարակութիւնը յօդուած մը հրապարակեց՝ վերլուծելով Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմի ընթացքին եւ անոր յաջորդած ժամանակաշրջանին Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը։ Այս վերլուծութիւնը արձագանգ գտած է նաեւ ռուսական լրատուամիջոցներուն մօտ։

Այս վերլուծութեան մէջ մատնանշուած է, որ Հայաստանի դէմ պատերազմի ժամանակ Պաքուին տրամադրուած օգնութեան փոխարէն՝ Անգարա այժմ Ատրպէյճանի տարածքէն ներս կը ստանայ արտատարածքայնութեան իրաւունք։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2020