ՏԻՄԻԹՐԻ ՓԵՍՔՈՎԷՆ ԽՈՒՍԱՓՈՂԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շաբաթավերջին պատահած բախումները, հրադադարի խախտումներու զուգահեռ՝ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ հայկական երկու գիւղերու եւս գրաւումը ստեղծած է լայն արձագանգ։ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ Մոսկուա կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղէ ներս տիրող իրավիճակին։ Իր խօսքով՝ վերջին օրերուն ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակը կարելի եղած է կարճ ժամանակի մէջ հանգուցալուծել։ Թէ ո՞վ էր մեղաւորը եւ ինչպէ՞ս ստեղծուած էր այդ իրավիճակը։ Այս հարցադրումներուն կապակցութեամբ Տիմիթրի Փեսքով յստակեցում մը չկատարեց։ «Տեղեկատուութիւնը իսկապէս քիչ է, մենք կը հետեւինք։ Նման դէպքերը յաւելեալ ծանրութիւն կը ստեղծեն մեր խաղաղապահներուն համար», նշեց Փեսքով։

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահներու հրամանատարը՝ Ռուստամ Մուրատով շաբաթավերջի դէպքերէն վերջ պնդած էր, թէ ռուս խաղաղապահներու միջամտութեամբ իրավիճակը կայունացած է։ Ան չէր յստակեցուցած, թէ ներկայիս որո՛ւ վերահսկողութեան տակ կը գտնուին Խծաբերգ եւ Հին Թաղեր գիւղերը, որոնք գրաւուած էին Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ այդ գիւղերը պէտք է գտնուին հայկական վերահսկողութեան ներքեւ։ Ռուս պաշտօնատարներու կողմէ տրուած պատասխանները կը թուին ըլլալ բաւական խուսափողական։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2020