ԱՌԱՋԻՆ ԱԼԻՔԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան երէկ պարգեւատրեց երկրի Հանրային հեռուստաընկերութեան խումբ մը աշխատակիցները։ 2021 թուականը Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան համար յոբելենական էր։ Արդարեւ, առաջին ալիքը կը նշէ հիմնադրութեան 65-ամեայ յոբելեանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս յոբելեանի արժեւորման նպատակով խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ երէկուան հաւաքոյթը։

Յուշամետայլներու արժանացած դէմքերու շարքին էր յայտնի քաղաքական մեկնաբան եւ հրապարակագիր Պետրոս Ղազարեան, որ Հանրային հեռուստատեսութեան լրատուութեան բաժնի գլուխը կը գտնուի։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2021