ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը՝ ի պատիւ հայկական գիտական աշխարհի երէց սերունդի հեղինակաւոր ու երախտաշատ ներկայացուցիչներէն արեւելագէտ Գուրգէն Մելիքեանի։ Համալսարանի ղեկավարութիւնը փորձառու գիտնականը պատուեց՝ ծննդեան 85-ամեակի յոբելեանին առթիւ։ Համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի երկարամեայ դասախօս փրոֆ. Գուրգէն Մելիքեան, միեւնոյն ժամանակ, Արցախի հետ նոյնացած դէմք մըն է։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկուան մեծարանքի հաւաքոյթի ընթացքին Գուրգէն Մելիքեանի վաստակին մասին արտայայտուեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Ռուբէն Մելքոնեան։ 85-ամեայ յոբելեանին առթիւ Գուրգէն Մելիքեանին շնորհուեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանի բարձրագոյն պարգեւը՝ պատուոյ շքանշանը, որ յանձնուեցաւ ձեռամբ՝ վերատեսուչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Յովհաննէս Յովհաննիսեանի։

Գուրգէն Մելիքեան ծննդեան 85-ամեակին առթիւ շնորհաւորականներ ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Յայտնի գիտնականը գնահատուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ, որ այս առթիւ իրեն շնորհուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջիմածնի «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2021