ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՕՃԱԽ ՄԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ երկու գիրքի շնորհանդէս, ինչ որ յատկանշական հաւաքոյթ մըն էր։ Այդ գիրքերը հրատարակուած են Հայաստանի Դիւանագիտական դպրոցին կողմէ, որ Արտաքին գործոց նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ կը գործէ։ «Պետական արարողակարգ» եւ «Հայաստանի դիւանագիտական դպրոց. վկայութիւններ» խորագրեալ այս երկու գիրքերու համատեղ շնորհանդէսին ժամանակ ելոյթով մը հանդէս եկաւ փոխ-նախարար Վահէ Գէորգեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ելոյթին մէջ մատնանշեց, որ դիւանագիտական դպրոցը կը վերածուի հրատարակչական օճախի մը։ «Կը կարծեմ, թէ սա միայն Դիւանագիտական դպրոցի հրատարակչական գործունէութեան սկիզբը չէ եւ ապագային ալ պիտի ըլլան համակողմանի, համապարփակ ու հարուստ բովանդակութեամբ այլ հրատարակութիւններ», ըսաւ փոխ-նախարարը։

Ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ Դիւանագիտական դպրոցի տնօրէն Վահէ Գաբրիէլեան, որ յայտնեց, թէ ապագային եւս լոյս պիտի տեսնեն նոր գիրքեր։ Արդարեւ, կան որոշ չափով հասունցած աշխատանքներ, որոնք կրնան գիրքի վերածուիլ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2021