ՆԱԵՒ ԱՌԱՆՁՆԱԶՐՈՅՑ

Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ ու ներկայութեամբ երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Շարլ Միշել նախ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ երկու ղեկավարներուն հետ, իսկ աւելի վերջ եռակողմանի հանդիպումը տեղի ունեցաւ։ Մօտաւոր անցեալին Սոչիի մէջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ տեսակցած էին Փաշինեան եւ Ալիեւ, որոնք երէկ այս անգամ Շարլ Միշելի ջանքերով մէկտեղուեցան Պրիւքսելի մէջ։ Մինչ այդ, եռակողմանի հանդիպման ժամանակ Շարլ Միշել նաեւ առանձին ալ թողած է Փաշինեանն ու Ալիեւը։ Այսինքն, Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ այսպէսով Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած է առանձնազրոյց մը, ինչ որ աննախընթաց է 44-օրեայ պատերազմէն վերջ։ Պրիւքսելի երէկուան եռակողմանի հանդիպումը այլ առումով ալ կ՚առանձնանար, որովհետեւ Արցախի երկրորդ պատերազմէն ի վեր առաջին անգամ Փաշինեան եւ Ալիեւ ի մի եկան՝ հրադադարի յայտարարութիւնը ստորագրած երկիրներու ղեկավարներու ձեւաչափէն դուրս։ Փաշինեան եւ Ալիեւ այսօր ալ Պրիւքսելի մէջ կը մասնակցին ԵՄ-ի եւ անոր Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովին։

Պրիւքսելի երէկուան եռակողմանի հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ հրապարակուած յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը։ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց այդ յայտարարութիւններու լիարժէք կեանքի կոչուիլը։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց մարդասիրական խնդիրներու անյապաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը՝ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ ի պահ դրուած այլ քաղաքացիական անձերու վերադարձի ապահովումը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման ուղղեալ աշխատանքներուն։

Փաշինեան եւ Ալիեւ Պրիւքսելի ժամադրութեան ընթացքին վերահաստատեցին երկաթուղիի վերագործարկման պայմանաւորուածութիւնը։ Այսպէս, երկաթուղին պիտի գործէ ըստ սահմանային ու մաքսային միջազգայնօրէն ընդունուած կանոններուն, փոխադարձութեան սկզբունքով, երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքեւ։ Այդ երկաթուղիով Հայաստան հասանելիութիւն պիտի ստանայ դէպի Իրան եւ Ռուսաստան։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին կարեւորուեցաւ տարածաշրջանէ ներս լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ յստակ քայլերու ձեռնարկուիլը։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման իրականացման, ինչպէս նաեւ փոխադարձ վստահութեան հաստատման միտուած հաւանական քայլերը։ Կողմերը համաձայնեցան շարունակել շփումները։

Հանդիպումէն վերջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Շարլ Միշել հաստատեց, որ պահ մը առանձին թողած է Փաշինեանն ու Ալիեւը։ «Այո, սա ճիշդ է։ Ես կը կարեւորեմ իմ կողմէ օգնելը, աջակցիլը, բայց նաեւ շատ կարեւոր է, որ անոնք ուղիղ խօսին։ Ես համոզուած եմ, թէ երկու ղեկավարներու միջեւ ուղիղ կապը շատ օգտակար է։ Մենք յաջողեցանք դրական դեր խաղալ պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով ուղիղ կապը հնարաւոր դարձնելու ուղղութեամբ՝ հաւանական դէպքերը կանխելու, ապագայ բախումներէն խուսափելու համար», ըսաւ ան։

Քանի մը ժամ տեւած երէկուան եռակողմանի հանդիպման աւարտին Շարլ Միշել մամլոյ ասուլիս մը սարքելու առընթեր հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, Եւրոմիութիւնը պատրաստակամ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ սերտօրէն աշխատելու համար՝ առկայ խնդիրները յաղթահարելու, համագործակցութեան ու վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու ուղղութեամբ, տարածաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման նպատակով, ինչ որ ի վերջոյ պիտի հիմնուի խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագրի վրայ։ Երէկուան հանդիպման մասնակից բոլոր կողմերը համամիտ գտնուած են, թէ պէտք է կառուցել անվտանգ, կայուն ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկաս մը՝ ի շահ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն։

Շարլ Միշելի յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ առանցքային մարդասիրական խնդիրներու լուծումը ունի վճռորոշ նշանակութիւն։ Եւրոմիութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ միջոցառումներուն։ Պրիւքսելի երէկուան հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ Եւրոմիութեան ու այս երկու երկիրներուն միջեւ այժմու եւ հեռանկարային առեւտրատնտեսական գործընկերութիւնը։ Ընդգծուած է ԵՄ-ի մտադրութիւնը՝ գործարկելու համար տնտեսական խորհրդատուական հարթակ մը, որու վրայ վստահութիւն ստեղծել, խաղաղ գոյակցութեան նպաստել ու տարածաշրջանէ ներս տնտեսական համագործակցութիւնը ամրապնդել կը նախատեսուի։

Երէկ Պրիւքսելի մէջ ղեկավարները պայմանաւորուեցան, որպէսզի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման շուրջ բանակցութիւններու ծրագրուած սկիզբի համատեսքէն ներս անհրաժեշտ պիտի ըլլայ ապագայ շօշափելի քայլերու ձեռնարկել տեղւոյն վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու, բարենպաստ մթնոլորտ մը ապահովելու համար։ Շարլ Միշել թէ՛ Երեւանին եւ թէ Պաքուին կոչ ուղղած է աշխուժօրէն ներգրաւուիլ եւ բարեխղճօրէն աշխատիլ լարուածութեան թուլացման համար։ Ըստ իրեն, ուժերու համապատասխան հեռաւորութեան ապահովումը դէպքերու կանխարգիլման տեսակէտէ էական տարր մըն է։ ԵՄ պիտի տրամադրէ մասնագիտական առաքելութիւն-խորհրդատուական խումբ՝ աջակցելու համար սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերուն, երկու երկիրներուն ապահովելով թեքնիկ աջակցութիւն։

Շարլ Միշել ընդգծած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, նաեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու վերականգնման կարեւորութիւնը՝ լիակատար յարգանք ապահովելով բոլոր երկիրներու ինքնիշխանութեան նկատմամբ։ Պայմանաւորուածութիւն գոյացած է շարունակել երկաթուղային գիծերու վերականգնումը՝ սահմանային ու մաքսային հսկողութեան համապատասխան պայմանաւորուածութիւններով, փոխադարձութեան սկզբունքով։ ԵՄ պատրաստ է աջակցիլ կապերու զարգացման՝ իր տնտեսական ու ներդրումային ծրագրերուն համապատասխան։ Առաջարկուած տնտեսական խորհրդատուական համակարգը նոյնպէս կրնայ աջակցիլ այս գործընթացին։ Առաջնորդները համաձայն գտնուած են հետեւիլ իրենց հանդիպման արդիւնքներուն ու մնալ ներգրաւուած։

Պրիւքսելի երէկուան հանդիպումէն վերջ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած գրառումներու բովանդակութիւնն ալ համահունչ է Շարլ Միշելի պաշտօնական յայտարարութեան։

Հարկ է նշել, որ երէկուան եռակողմանի հանդիպումէն առաջ Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանը մեղադրած էր՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման հարցը փակուղիի մատնելով։ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններու լոյսին տակ հանդիպումէն առաջ ան յայտնեց հետեւեալը. «Ատրպէյճանի նախագահի փորձերը՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումը Լաչինի միջանցքի հետ զուգահեռականի մէջ դնելու համար, որեւէ աղերս չունի ցայսօր այս նիւթին շուրջ տեղի ունեցած քննարկումներուն, ստորագրուած յայտարարութիւններուն հետ եւ անընդունելի է Հայաստանի համար։ Այս դիրքորոշումը յստակ կ՚արտայայտեմ այսօր նախատեսուած եռակողմանի հանդիպման ընթացքին»։

Պրիւքսելի երէկուան բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ ընդգծելով, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կարեւոր գործընկերներ են դաշինքին համար։ Ըստ իրեն, Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ խաղաղ ապագայ ապահովելու տեսակէտէ։ Ուստի, ՆԱԹՕ կ՚աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2021