ՎԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՄԽԻԹԱՐ ՎԻՃԱԿԸ ՏԵՂԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ

Վանի շրջանէն ներս, Մուրատիյէ, Սուրբ Ստեփանոս հայկական պատմական եկեղեցւոյ մատնուած անմխիթար վիճակը տեղական մամուլի ուշադրութեան առարկայ դարձած է։ Աղսորիկ լերան լանջին կը գտնուի այս եկեղեցին, որ վերջերս թալանուած է գանձախոյզներու կողմէ։ Տեղական մամուլէն միջոցներ հրատարակած են այս պատմական եկեղեցւոյ լուսանկարը՝ ընդգծելով, որ 17-րդ դարուն կառուցուած այս սրբավայրը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հայոց համար։ Կը մատնանշուի, որ ան գետի մը ափին է։

Վերջին շուրջ 50 տարուայ ընթացքին այս եկեղեցիէն ներս եւ շուրջ գանձախոյզներու կողմէ շարունակ որոնումներ կատարուած են։ Այժմ անոր ուր որ է կքելու վտանգ կը սպառնայ, որովհետեւ շրջակայքն ու ներքնամասը քանիցս փորուած է։

Բնութեան լուսանկարիչ Ռեճեփ Տաղ վերջերս զգայացունց վկայութիւն մը ունեցած է Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մատնուած անմխիթար վիճակին շուրջ։ Նկարահանման համար այդ սրբավայրը այցելած լուսանկարիչը այս կապակցութեամբ ըսած է հետեւեալը. «Այն ինչ, որ տեսանք այստեղ՝ մեզի ցաւ պատճառած է։ Մենք կը փափաքինք, որ այս վայրը ժամ առաջ պաշտպանութեան տակ առնուի իրաւասուներու կողմէ»։

Գանձախոյզներու պատճառ դարձած վնասները երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղեցնեն օրակարգը։ Այս երեւոյթին ծանր հետեւանքները ֆիզիքական լուրջ սպառնալիք մը կը համարուին ամբողջ Անատոլուի տարածքէն ներս կրօնամշակութային, ճարտարապետական պատմական ժառանգութեան դէմ։ Այս շրջանակին մաս կը կազմեն նաեւ անցեալի բազում հայկական խոնարհուած սրբավայրերը, որոնց հիմքերը կը խարխլուին գանձախոյզներու անգիտակից թալանին հետեւանքով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2021