ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ՄԱՔՐՈՆ ԵՐԷԿ ԽՕՍԵՑԱՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ ՇՈՒՐՋ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներէ երկուքին ղեկավարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ զանազան հարցեր։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Փութին Մաքրոնին բացատրած է անցեալ նոյեմբերի 26-ին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպման հիմնական արդիւնքները։ Ինչպէս ծանօթ է, ռուս ղեկավարի միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ Սոչիի մէջ տեսակցած էին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Երէկուան հեռախօսազրոյցին ժամանակ Փութին ներկայացուցած է, թէ տարածաշրջանէն ներս ինչպէս տեղի կ՚ունենայ հրադադարի պահպանումը եւ ինչեր կը նախատեսուին փախստականներու վերադարձին, առեւտրատնտեսական ու փոխադրութեան կապերու վերականգնման վերաբերեալ միջոցները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ։

Նկատի ունենալով, որ Փութին-Մաքրոն երէկուան հեռախօսազրոյցը կը զուգադիպէր Փաշինեանի եւ Ալիեւի Պրիւքսելի ժամադրութեան՝ երկու նախագահները յոյս յայտնեցին, թէ այս հանդիպումը եւս կ՚ըլլայ օգտակար։ Փութին եւ Մաքրոն աջակցութիւն յայտնեցին աշխուժացնելու համար աշխատանքները ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ Ռուսաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կողմէ։

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, զրոյցի ժամանակ շօշափուեցան նաեւ Մոսկուա-Փարիզ օրակարգի այլ զանազան հարցերը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2021