ԹԻՖԼԻԶ ՄԻՇՏ ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ

Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լի յայ­տա­րա­րեց, որ իր երկ­րի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը գտնուին «ռազ­մա­վա­րա­կան համ­բե­րու­թեան» դրու­թեան մը մէջ։ Իր խօս­քե­րով, սա ու­նի իր բարդ կող­մե­րը եւ Թիֆ­լի­զի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին բո­լոր հար­թակ­նե­րու վրայ կը խօ­սի այս մա­սին։ «Ես նկա­տի ու­նիմ այն հա­մա­ձայ­նագ­րե­րը, ո­րոնք ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ ձե­ւա­կեր­պուած են Աբ­խա­զիոյ եւ Ցխին­վա­լի տա­րած­քաշր­ջա­նին հետ», ը­սաւ Մարկ­վե­լաշ­վի­լի եւ յի­շե­ցուց, որ 2008 թուա­կա­նի Օ­գոս­տո­սին Վրաս­տան խզած է Ռու­սաս­տա­նի հետ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ ի պա­տաս­խան Մոս­կուա­յի կող­մէ Աբ­խա­զիոյ եւ Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիոյ ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման։ «Սա­կայն, Վրաս­տա­նի նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք իշ­խա­նու­թեան գլուխ ե­կած են 2012 թուա­կա­նի Հոկ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քով, Ռու­սաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լա­ւու­մը հա­մա­րած են ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գլխա­ւոր գե­րա­կա­յու­թիւն­նե­րէն մին», ը­սաւ վրա­ցի ղե­կա­վա­րը՝ «Ի­պե­րիա» հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2017