ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆԸ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան յայ­տա­րա­րեց. «Մե­նք ինչ որ ը­նենք, պէտք է ը­նենք խե­լա­ցու­թեամբ։ Տա­րած­քաշր­ջա­նը, հա­րե­ւա­նու­թիւ­նը, փո­խադ­րու­թեան լո­ժիս­թի­քը եւ ա­մէն ին­չը կը պար­տադ­րեն, որ մենք ըլ­լանք խե­լա­ցի եւ կիրթ։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով մեր հիմ­նա­կան դրա­մագ­լու­խը մարդն է եւ ան պէտք է ըլ­լայ գրա­գէտ, խե­լա­ցի, հա­շուար­կե­լու ըն­դու­նա­կու­թեամբ»։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ու­սա­նո­ղու­թեան հետ։ Վար­չա­պե­տին խօս­քե­րով, իր տես­լա­կանն է՝ ստեղ­ծել այն­պի­սի եր­կիր մը, ուր գործ ը­նող մար­դը, ստեղ­ծա­գործ մար­դը, յա­ւե­լեալ ար­ժէք ստեղ­ծող մար­դը, ոե­ւէ մարդ, որ նե­րուժ ու­նի, ինք­զինք զգայ բա­ւա­րա­րուած եւ հան­գիստ։ Ան ը­սաւ.

«Ինչ­պի­սի եր­կիր մը կ՚ու­զենք ու­նե­նալ։ Մենք ը­սած ենք, որ ան­կախ, անվ­տանգ, ար­դար եւ մտա­ւո­րա­կան եր­կիր մը։ Մենք պէտք է ստեղ­ծենք եր­կիր մը, ուր գործ ը­նող մար­դը, ստեղ­ծա­գործ մար­դը, յա­ւե­լեալ ար­ժէք ստեղ­ծող մար­դը, ոե­ւէ մարդ, որ նե­րուժ ու­նի, ինք­զինք զգայ բա­ւա-­րարուած եւ հան­գիստ։ Եւ սա ոչ միայն մեր տես­լա­կանն է։ Ընդ­հան­րա­պէս աշ­խար­հի վրայ զա­նա­զան վար­կա­նի­շնե­րով՝ եր­ջա­նիկ կը հա­մա­րուին այն եր­կիր­նե­րը, ուր այդ պայ­մա­նը բա­ւա­րա­րուած է։ Մեր հիմ­նա­կան դրա­մագ­լու­խը մարդն է, սա պարզ ճշմար­տու­թիւն մըն է։ Ակն­յայտ ճշմար­տու­թիւն։ Մենք հնա­րա­ւո­րու­թիւն կամ շքե­ղու­թիւն չու­նինք՝ խե­լա­ցի չըլ­լա­լու»։

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2017