ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ ՊԻՏԻ ՓՈԽՈՒԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

Ե­րե­ւա­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նի նոր տնօ­րէ­նի նշա­նակ­ման սպա­սում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նա­կա­տար Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեան վեր­ջերս անդ­րա­դար­ձաւ այս գոր­ծըն­թա­ցին։

News.am-ի հա­ղոր­դում­նե­րով, վեր­ջերս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտան կարգ մը լսում­ներ, ըստ ո­րոնց Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեա­նի տոք­թո­րա­կան ա­տե­նա­խօ­սու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան ժամ­կէ­տին պատ­ճա­ռով կը ձգձգուի նոր տնօ­րէ­նի նշա­նա­կու­մը ա­պա­հո­վե­լիք մրցոյ­թին կազ­մա­կեր­պու­մը։ Տէր-Ղե­ւոն­դեան յայտ­նեց, որ իր տոք­թո­րա­կա­նի նիւ­թը հաս­տա­տուած է 2011-ի Դեկ­տեմ­բե­րին եւ ինք Մա­տե­նա­դա­րան աշ­խա­տան­քի ըն­դու­նուած է 2012-ի Յու­նի­սին։ «Ես վեց տա­րիէ ի վեր կ՚աշ­խա­տիմ այս ա­տե­նա­խօ­սու­թեան վրայ, պար­զա­պէս ա­նոր եզ­րա­փա­կիչ փու­լը հա­մընկ­նե­ցաւ այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն հետ», ը­սաւ Տէր-Ղե­ւոն­դեան։

Ան­ցեալ Սեպ­տեմ­բե­րէն ի վեր Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեան Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէ­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր պաշ­տօ­նա­կա­տարն է, նախ­կին տնօ­րէն Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի մա­հուան զու­գա­հեռ։ Մինչ այդ, ան նոյն կա­ռոյ­ցի գի­տա­կան քար­տու­ղարն էր։

Տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նա­կա­տա­րին կող­մէ տրուած բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով՝ մրցոյ­թը տա­կա­ւին չէ կազ­մա­կեր­պուած, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շած է փո­փո­խու­թեան են­թար­կել Մա­տե­նա­դա­րա­նի ի­րա­ւա­կազ­մա­կեր­պա­կան կար­գա­վի­ճա­կը։ Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան զու­գա­հեռ Մա­տե­նա­դա­րա­նը պի­տի վե­րա­ծուի հիմ­նար­կի մը։ Տէր-Ղե­ւոն­դեա­նի խօս­քե­րով, միան­գա­մայն տրա­մա­բա­նա­կան է, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մտա­դիր է նախ ա­ւար­տին հասց­նել կար­գա­վի­ճա­կի փո­փո­խու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը ու միայն ան­կէ վերջ մրցոյթ մը կազ­մա­կեր­պել տնօ­րէ­նի թա­փուր պաշ­տօ­նին հա­մար։

«Մա­տե­նա­դա­րա­նը բա­ցա­ռիկ կա­ռոյց մըն է եւ բա­ցա­ռիկ ու­շադ­րու­թեան կա­րիք ու­նի։ Այդ կա­ռոյ­ցը պէտք է ու­նե­նայ նաեւ ո­րոշ ինք­նու­րոյ­նու­թիւն, ան­կա­խու­թիւն եւ Հա­յաս­տա­նի կամ ար­տա­սահ­մա­նի ո­րոշ կա­ռոյց­նե­րուն հետ յա­րա­բե­րուե­լու ճկու­նու­թիւն։ Այս ա­ռու­մով հիմ­նար­կի կար­գա­վի­ճա­կը ու­նի շարք մը ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ», ը­սաւ Տէր-Ղե­ւոն­դեան եւ ա­ւել­ցուց, որ հիմ­նարկ­նե­րը ա­ւե­լի դիւ­րու­թեամբ կ՚աշ­խա­տին ու­րիշ հիմ­նարկ­նե­րու հետ ու նոյն­պէս ա­ւե­լի դիւ­րու­թիւն­ներ ու­նին նուի­րա­տուու­թիւն­ներ ստա­նա­լու կամ այլ հար­ցե­րու մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2017