ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԲԸՄ-ԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ ունենալ լայնախարիսխ հանդիպումներ եւ բազմակողմանի շփումներ՝ իր վերջնական որոշումը տալու սեմին։ Արմէն Սարգսեան ցայսօր տեսակցեցաւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, գիտական ու թեքնիկ յառաջատար կառոյցներու վարիչներու, մտաւորականներու, գեղարուեստական աշխարհէ դէմքերու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներու հետ։ Որպէս նախագահի թեկնածու՝ ան իրականացուց նաեւ արտասահմանեան ուղեւորութիւն մը ու տեսակցեցաւ Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներու հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ընթացքին ան տուաւ նաեւ շարք մը հարցազրոյցներ։

Այս ամբողջին մէջ, Արմէն Սարգսեան երէկ այցելեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի կեդրոնը։ Ան հիւրընկալուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի կառոյցի նախագահ Վազգէն Եագուպեանի եւ կեդրոնի այլ պատասխանատուներուն կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համալիրէն ներս շրջայց մը կատարելէ վերջ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Մասնաւորապէս ան ընդգծեց, որ ՀԲԸՄ կամուրջ մըն է Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ։ Իր խօսքերով, նախորդ տարիներու բաղդատմամբ Հայաստանէ ներս բարեգործական ծրագրերը աւելի գործնական եւ արդիւնաւէտ են։

Իր կարգին, Վազգէն Եագուպեանն ալ յայտնեց, որ Արմէն Սարգսեանի հետ ծաւալած են առողջ քննարկումներ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է, թէ ինչպէս բարեգործական կազմակերպութիւնները կրնան մեծ դեր ունենալ սփիւռքի կարողութիւնները Հայաստանի հետ կապելու հարցին մէջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018