ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԵՒ ԱՆԿԵՂԾ

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ առկայ ծանրակշիռ խնդիրներու մթնոլորտին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի վրայ շատ կարեւոր հանդիպում մը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալեց ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընը, որ այցելեց Անգարա։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան 3 ժամ 15 վայրկեան զրուցեց ամերիկացի պետական քարտուղարին հետ։ Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն, Էրտողան եւ Թիլըրսըն կանգ առին Սուրիոյ եւ Իրաքի կացութեան եւ ընդհանրապէս տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն վրայ։ Բաց աստի, անոնք խօսեցան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ։ Թրքական կողմը այս բոլոր նիւթերու կապակցութեամբ իր առաջնահերթութիւններն ու ակնկալութիւնները բացայայտօրէն յանձնեց Ռեքս Թիլըրսընի նկատառման։ Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ երկու երկիրները դաշնակիցներ են եւ հակառակ այս հանգամանքին, ԱՄՆ-ի կողմէ ՓԵՏ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութիւնը անհանգստութիւն կը պատճառէ Թուրքիոյ։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը։ Անգարա շեշտեց նաեւ իր սպասումը՝ ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնման ուղղութեամբ։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, բոլոր ծալքերով ու մանրամասնօրէն քննարկուեցան այն բոլոր խնդիրները, որոնք վերջին շրջանին լարուածութիւն յառաջացուցած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ Էրտողանի եւ Թիլըրսընի հանդիպումը եղած է արդիւնաւէտ եւ անկեղծ։ Ըստ ամերիկեան աղբիւրներուն, Ինճիրլիքի ռազմախարիսխի օգտագործման հարցին շուրջ որեւէ սահմանափակում խնդրոյ առարկայ չէ Թուրքիոյ կողմէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018