ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՅՈՅՍԵՐ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ յոյս կայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան հաղորդումներով, ռուս բանբերը յայտնեց, որ Ռուսաստան կ՚ակնկալէ՝ թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պիտի գտնէ իր լուծումը։ «Ինչպէս գիտէք, մենք այդ ուղղութեամբ կը ցուցաբերենք համակ ուշադրութիւն, իսկ ամենագլխաւորը՝ աշխոյժ կը մասնակցինք կողմերու նախանշած աշխատանքներու իրականացման», յայտնեց Մարիա Զախարովա։

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018