ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԵՄԻՐՃԱՆ ՆԵՐԿԱՅ Կ՚ԸԼԼԱՅ ՓՐՈՖ. ՅԱԿՈԲ ԿՈԹՈՂԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԻՆ

Առողջապահութեան նախարար Ահմէտ Տեմիրճան վաղը Գումգաբուի մէջ պիտի մասնակցի նորոգ հանգուցեալ Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի յուղարկաւորութեան։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած արարողութեան ժամանակ ան պիտի ներկայացնէ պետութիւնը եւ յանուն Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի պիտի փոխանցէ վշտակցութիւններ։ Հաւանական է, որ նախարարին ուղեկցին նաեւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Պեշթեփէի համալիրէն Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի մահուան կապակցութեամբ կապ հաստատած են նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Յանուն հանրապետութեան նախագահին ցաւակցութիւններ փոխանցուած են մեր համայնքին՝ այս կարեւոր ու ցաւալի կորուստին բերումով։

Այս առաւօտ Իսթանպուլի համալսարանի Ճերրահփաշայի Բժշկական ֆաքիւլթէին մէջ սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ ի յիշատակ Յակոբ Կոթողեանի։

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018