ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ Պերլինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Նկատի ունենալով, որ երկու երկիրներու միջեւ վերջին շրջանին առկայ են լուրջ տարակարծութիւններ՝ երէկուան բարձր մակարդակի 

հանդիպումը կը ներկայացնէր մեծ կարեւորութիւն։ Կը հաղորդուի, որ Թուրքիա եւ Գերմանիա ներկայիս պատրաստակամ են յաղթահարելու իրենց առկայ տարաձայնութիւնները ու կը նախատեսեն փուլ առ փուլ կարգաւորել հարցերը։ Պինալի Եըլտըրըմ եւ Անկելա Մերքէլ դրական ակնկալութիւններով քննարկեցին այդ բոլոր խնդիրները։

Ըստ Մերքէլի, Եըլտըրըմի այցելութիւնը ազդանշան մըն է, թէ երկու կողմերն ալ պատրաստակամ են հանդիպման։ Ան բացատրեց, որ ապրուած կարգ մը դէպքերը ստուեր ածած են յարաբերութիւններուն վրայ եւ այդ բոլորը տակաւին կը հանդիսանան լուրջ բեռ մը։

Իր կարգին, Պինալի Եըլտըրըմն ալ մատնանշեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն տեսակէտէ կը սկսի նոր շրջան մը։ Եըլտըրըմի խօսքերով՝ տարածքաշրջանէ ներս ահաբեկչութեան դէմ պայքարելով Թուրքիա չի պաշտպաներ միայն իր քաղաքացիներու անվտանգութիւնը, այլ միեւնոյն ժամանակ կ՚երաշխաւորէ ՆԱԹՕ-ի սահմանները։ «Այս պայքարը մղելու ժամանակ կը փափաքինք մեր բարեկամները տեսնել մեր կողքին», ըսաւ Եըլտըրըմ։

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018