ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՔ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, որ երկրաշարժի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած ողբերգական մթնոլորտին մէջ զօրակցութեան այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Ողբերգական իրավիճակին մէջ դրսեւորուած մարդասիրական մօտեցումը ներկայիս նոր նախադրեալներ կը ստեղծէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը որակապէս նոր հարթութեան մը վրայ դնելու առումով, ինչ որ կ՚ողջունեն նաեւ միջազգային դերակատարները։ Երէկուան այցելութեան զուգահեռ՝ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ ի յայտ կու գան հետզհետէ աւելի շօշափելի ծրագրեր. օրինակ՝ դէպի սահման ճանապարհներու վերաբերեալ քայլերու արագացում, Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերականգնում եւ այլն։ Արարատ Միրզոյեան համոզուած է, թէ նմանօրինակ բնական աղէտներն ու անոնց ծաւալները դուրս կու գան պետութիւններու սահմաններէն։ Իսկ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի խօսքերով՝ այս օրերուն տեղի ունեցած համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասէ ներս յարաբերութիւններու բնականոնացման։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ առաւօտեան ժամը շուրջ 10.30-ին հասաւ Անգարա, ուր «Էսէնպողա» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին գծով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչի եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան այլ ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Իրեն ընկերակից պատուիրակութեան մաս կազմեցին՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գծով Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան, արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան եւ նախարարութենէն Անի Բադալեան։ Նախարարի ընկերակից պատուիրակութեան տեղւոյն վրայ միացաւ նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, որ Իսթանպուլէն մեկնած էր Անգարա։ Միրզոյեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը օդակայանէն անմիջապէս առաջնորդուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Արարատ Միրզոյեան այստեղ ունեցան առանձնազրոյց մը, որ տեւեց աւելի քան կէս ժամ։ Նախարարներու գլուխ-գլուխի զրոյ-ցին յաջորդեցին պատուիրակութիւններու ձեւաչափով բանակցութիւններ։ Հուսկ, Չավուշօղլու եւ Միրզոյեան սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Երէկուան այցելութիւնը ունեցաւ նաեւ այլ առանձնայատկութիւն մը։ Այսպէս, երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները՝ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան շուրջ կէս տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ դարձեալ մէկտեղուած եղան։ Անգարայի շփումները աւարտելէ վերջ, Արարատ Միրզոյեան օդային ճամբով անցաւ աղէտի գօտի՝ Ատըեաման քաղաքը, ուր Հայաստանի փրկարարներու խումբը աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր աշխատանք կը տանի։ Այստեղ օդակայանին մէջ Արարատ Միրզոյեան դիմաւորուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութենէն Ճերէն Եազկանի կողմէ, որ Ատըեամանի մէջ կը համակարգէ միջազգային որոնողափրկարարական աշխատանքները։ Աղէտի գօտիէն ներս հայ փրկարարներու խումբի անդամներուն հետ մէկտեղուելէ վերջ Արարատ Միրզոյեան աւարտեց իր ծրագիրը եւ արդէն նոյն օդանաւով, նոյն օրն իսկ վերադարձաւ Երեւան։ Նախարարներուն զուգահեռ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար հաղորդումներ ըրին նաեւ դեսպան Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան։ Երկու յատուկ ներկայացուցիչներուն ալ յայտարարութիւնները լայն արձագանգ գտան լրահոսին մէջ։ Սերտար Քըլըչ այս առթիւ շեշտեց, որ Հայաստանն ու Թուրքիան համաձայնած են նոր թափ հաղորդել՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանը բանալու աշխատանքներուն։ «Հայաստանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը մենք պիտի չմոռնանք», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Ռուբէն Ռուբինեանն ալ անդրադարձաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն միջեւ մօտաւոր ապագային նախատեսուած հանդիպումներուն։ Ինչպէս ծանօթ է, այդ խաղերէն առաջինը մարտ ամսուան վերջաւորութեան նախատեսուած է Երեւանի մէջ, իսկ երկրորդը՝ արդէն յառաջիկայ աշնան, այս անգամ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ։ Ըստ Ռուբէն Ռուբինեանի, ֆութպոլի հաւաքականներու միջեւ հանդիպումներուն ժամանակ փոխադարձ այցելութիւններու վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններ այս պահուն գոյութիւն չունին։

Երէկուան համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլու շեշտեց, որ չափազանց կարեւոր է Միրզոյեանի այցելութիւնը։ Ան յիշեցուց նաեւ երկրաշարժէն անմիջապէս յետոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հաղորդակցութիւնը։ «Այնուհետեւ, Հայաստան անմիջապէս Թուրքիա ուղարկած է 28 հոգիէ բաղկացեալ որոնողափրկարարական խումբ մը։ Փետրուարի 8-էն ի վեր անոնք Ատըեամանի մէջ քրտնաջան աշխատանք կը տանին։ Այս խումբը փրկեց փոքր աղջնակ մը եւ երիտասարդ կին մը։ Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ այդ խումբին։ Անոնք իսկապէս շատ աշխատեցան եւ մենք տեսանք, որ անոնք որքան ուրախ էին մեր հայրենակիցները փրկելու ժամանակ», ըսաւ Չավուշօղլու։ Նախարարը խօսեցաւ նաեւ Հայաստանէն Թուրքիա ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւններուն մասին։ «Անոնք միշտ կը հարցնեն. «Այլ կարիք ունի՞ք»։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նոյնպէս այս բոլորին համար։ Հայաստան այս դժուարին պահուն բարեկամութեան ձեռք երկարեց մեր ժողովուրդին։ Ան ցոյց տուաւ զօրակցութիւն եւ համագործակցութիւն։ 1999-ի Կէօլճիւքի երկրաշարժին ժամանակ ալ Հայաստան մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկած էր մեր երկիրը։ Ցաւօք, Հայաստանն ալ կը գտնուի երկրաշարժի գօտիի մէջ։ 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժը մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է, որովհետեւ շատ մարդիկ զոհուած էին։ Այդ երկրաշարժէն յետոյ Թուրքիոյ օգնութիւնը Հայաստան հասցուած էր՝ անցնելով Ալիճանի սահմանադուռէն։ Տարիներ յետոյ Հայաստանի մարդասիրական օգնութիւնը մեր երկիր հասաւ նոյն անցակէտէն։ Մենք պէտք է շարունակենք այս համագործակցութիւնը», ընդգծեց Չավուշօղլու։

Չավուշօղլու աւելի վերջ խօսեցաւ քաղաքական օրակարգին շուրջ։ Ան ըսաւ. «Հարաւային Կովկասէ ներս բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի։ Մենք համոզուած ենք, թէ մարդասիրական առումով մեր համագործակցութեան հասկացութիւնը պիտի նպաստէ այս գործընթացին։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս յառաջընթացը կը նպաստէ մեր տարածաշրջանի անդորրութեան ու բարգաւաճման։ Այսօր իմ պաշտօնակից Միրզոյեանի հետ քննարկած ենք Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս ձեռնարկուելիք քայլերը։ Իրենցմէ տեղեկութիւններ ունեցանք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ շարունակուող քննարկումներուն, համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրին, բանակցութիւններու ընթացքին շուրջ։ Այստեղ մասնաւորապէս կ՚ուզեմ ըսել հետեւեալը. եթէ այս երեք երկիրները անկեղծ քայլերու ձեռնարկեն, ապա մենք կրնանք կայուն խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն հաստատել Հարաւային Կովկասէ ներս եւ տեւական կայունութիւնը չափազանց կարեւոր է այս տարածաշրջանի տնտեսական զարգացման տեսակէտէ։ Յատկապէս համաճարակէն եւ Ուքրայնայի պատերազմէն յետոյ չափազանց կարեւոր դարձած է Արեւելք-Արեւմուտք Միջին միջանցքը։ Հետեւաբար, որպէս այս ուղղութեան վրայ գտնուող երկիրներ՝ մենք կրնանք կարեւոր ներդրում ունենալ ո՛չ միայն մեր տարածաշրջանի կայունութեան ու զարգացման, այլեւ մասնաւորապէս կարեւոր նպաստ մը բերել Ասիոյ եւ Եւրոպայի համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ քայլերուն։ Ինչպէս ըսի, մենք այսօր դարձեալ խօսեցանք բնականոնացման գործընթացէն ներս առնուելիք քայլերու շուրջ։ Անոնցմէ մին պատմական Մետաքսի ճանապարհի կամուրջի վերակառուցումն է։ Մէկ կողմէ մեր ապագայի ուղղեալ նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակուին, միւս կողմէ սահմանային անցակէտերու կամուրջներու վերաբերեալ երկու կողմերու քննութիւններն ու ճշգրտումները կան։ Դէպի սահմանային անցակէտեր ճանապարհներուն վերաբերեալ կան մեր առնելիք քայլերը, որոնց ա՛լ աւելի արագացման շուրջ այսօր համակարծիք գտնուեցանք»։

Յայտարարութիւններու վերջին բաժնին մէջ Չավուշօղլու շատ իմաստալից նկատեց կամուրջի վերակառուցումը՝ քանի անոր մէկ կողմը կը գտնուի Թուրքիոյ, իսկ միւսը՝ Հայաստանի մէջ։ «Մենք միասին պիտի աշխատինք այս ուղղութեամբ։ Մեր յատուկ ներկայացուցիչներն ալ պիտի շարունակեն աշխատիլ յառաջիկային առնուելիք քայլերուն շուրջ։ Այսօրուան այցը եւ այս դժուար օրերուն մեզի ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը չափազանց իմաստալից են», ըսաւ Չավուշօղլու կրկնելով իր շնորհակալութիւնները։

Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ Անգարայի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Մեր այսօրուան հանդիպումը, ի հարկէ, պայմանաւորուած է բազում կեանքեր խլած աղէտով, սակայն այս դժուարին պահուն գտնուելով Թուրքիոյ մէջ՝ անգամ մը եւս կ՚ուզեմ վերահաստատել տարածաշրջանէ ներս խաղաղութիւն կառուցելու եւ մասնաւորապէս Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի ամբողջական բացման հարցին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատրաստակամութիւնը եւ ձգտումը: Այսօր մենք քննարկած ենք այս գործընթացին վերաբերեալ որոշ մանրամասնութիւններ, ունինք համաձայնութիւն՝ համատեղ ջանքերով վերանորոգել Անիի կամուրջը, ինչպէս նաեւ հոգ տանիլ համապատասխան ենթակառուցուածքներու համար սահմանի ամբողջական բացման ընդառաջ»։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Արարատ Միրզոյեանի երէկուան Թուրքիա այցելութիւնը եւ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ ունեցած հանդիպումը անուշադրութեան չէ մատնուած նաեւ միջազգային բեմահարթակին վրայ, ուր ազդու դերակատարներ կ՚ողջունեն այս իրադարձութիւնները։ Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար երէկ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ եւ այս այցելութիւնը որակեց պատմական։ «Կարիքի մէջ գտնուող հարեւանին աջակցելու՝ Հայաստանի որոշումէն յետոյ սա պատմական այց է։ Կը յուսանք, թէ սա Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու մէջ ակնկալուած զարգացումներուն համար լաւ նախանշան մըն է», նշեց Թոյվօ Քլաար։

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ ողջունեց Արարատ Միրզոյեանի երէկուան այցելութիւնը։ Այս կապակցութեամբ նախարարութեան կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը։ Այս առթիւ նշուեցաւ, որ Ֆրանսա կ՚ողջունէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին Թուրքիա կատարած այցելութիւնը՝ երկրաշարժէն տուժած բնակչութեան օգնութիւն ցուցաբերելու գործին մէջ Հայաստանի ներդրման համատեսքին մէջ։ Շեշտուեցաւ նաեւ, որ Փարիզ կ՚աջակցի Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուած ջանքերուն։

Իր կարգին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Նէտ Փրայս յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան թուլացումը անհրաժեշտ է։ Ամերիկացի բանբերը պատասխանեց նաեւ հարցումի մը, որ կը վերաբերէր Արարատ Միրզոյեանի երէկուան այցելութեան։ Արդեօք ԱՄՆ կ՚ողջունէ՞ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջին շփումները՝ երկրաշարժէն յետոյ։ Ի պատասխան՝ Նէտ Փրայս նշեց, որ Ուաշինկթըն կ՚ողջունէ աշխարհի բոլոր երկիրները, որոնք աւերիչ երկրաշարժէն վերջ կը կանգնին Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ժողովուրդներու կողքին։

 

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2023