ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՄԻՒՆԻԽԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեան մը ձեռնարկած է՝ դէպի Գերմանիա։ Ուղեւորութիւնը կը շարունակուի մինչեւ փետրուարի 18-ը։ Նիկոլ Փաշինեան կը մասնակցի Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան։ Վարչապետին հետ է նաեւ իր կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան։ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս նախատեսուած են Փաշինեանի շարք մը երկկողմանի հանդիպումները՝ զանազան երկիրներու ղեկավարներուն հետ։

Մինչ այդ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ալ վարչապետին հետ մեկնած են Միւնիխ։

Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին Թուրքիոյ կողմէ կը մասնակցի արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։ Այս համաժողովը միջազգային հեղինակաւոր հարթակ մըն է՝ անվտանգութեան հիմնախնդիրներու արծարծման համար։

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2024